ԵՐԵՒԱՆ.- Անդրադառնալով 12 Յուլիսին Հայաստանի վրայ սկսած ատրպէյճանական յարձակումներուն՝ Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Պուլկարահայ համայնքայի խորհուրդը անջատ յայտարարութիւններով դատապարտեցին Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու նախայարձակ պետութիւնը:
Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մինչ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը յարձակումներ կը կատարէին Տաւուշի սահմանագիծին ուղղութեամբ եւ կը ռմբակոծէին հայկական բնակավայրեր, Թուրքիոյ նախագահը եւ պաշտպանութեան նախարարը, հրահրելով ստեղծուած լարուածութիւնը՝ հրապարակայնօրէն իրենց զօրակցութիւն յայտնեցին նախայարձակ Ատրպէյճանին։
«Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնները, անգամ մը եւս արհամարհելով ՄԱԿի սկզբունքները եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն ճիգերը՝ Արցախեան հարցին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ, նորէն կը բացայայտեն իրենց ծաւալապաշտական քաղաքականութեան նոր ծալքերը:
«Թէեւ այս յարձակումները ձախողած են եւ ներկայ դրութեամբ յարաբերական անդորր կը տիրէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին, սակայն փաստ է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեացութեան քաղաքականութեան վերջ չկայ, եւ հայկական կողմը պէտք է միշտ զգօն ու պատրաստ ըլլայ թշնամիի իւրաքանչիւր անմարդկային գործողութեան։
«Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակին անունով խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի ռազմական սադրիչ գործողութիւնները եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ դերը՝ նշուած լարուածութեան հրահրման ուղղութեամբ, կը դիմենք միջազգային հանրութեան՝ որքան կարելի շուտ պատասխանատուութեան ենթարկելու նախայարձակ պետութիւնը եւ անոր հովանաւորները՝ ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան դէմ կատարած հերթական ոտնձգութեան եւ տարածաշրջանին մէջ անապահովութիւն ու անկայունութիւն ստեղծելու, ինչպէս նաեւ համաճարակի դէմ համաշխարհային պայքարի այս ծանր ժամանակաշրջանին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ընդունուած առնուազն 90 օրով համաշխարհային զինադադար պահպանելու որոշումը անտեսելուն համար:
«Հայ ժողովուրդը միասնական է եւ պիտի չհանդուրժէ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սպառնացող գործողութիւնները»:
Իսկ Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդին, որուն մաս կը կազմեն ՀՅԴն, ՀԲԸՄը (Սոֆիա, Պուրկաս, Վառնա, Փլովտիւ), ՀՕՄը, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՄԸՄը (Սոֆիա, Պուրկաս, Ռուսէ, Շումէն), Երեւան մշակութային միութիւնը, «Երեւան» թերթը, «Վահան» թերթը եւ «Բարեգործականի Ձայն»ը, յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Թուրքիոյ բացայայտ զօրակցութեամբ, ատրպէյճանական զօրքերը դարձեալ փորձ կատարեցին ներթափանցելու հայկական հողեր, այս անգամ՝ Հայաստանի հիւսիսարեւելեան Տաւուշի մարզի սահմաններէն, սակայն հանդիպեցան հայկական բանակին խրոխտ դիմադրութեան եւ ետ շպրտուեցան իրենց սահմաններէն ներս, կրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ: Այնուհետեւ անոնք դիմեցին իրենց հարազատ ոճին` ռմբակոծելով հայկական բնակավայրեր եւ խաղաղ բնակչութիւն:
«Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդը խստիւ կը դատապարտէ ազերիական այս կոպիտ խախտումը եւ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայոց ամրակուռ բանակին, որ արիաբար ու պատուով կ՛ապահովէ մեր երկրին ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը:
«Սոյն կացութեան գծով դիմած ենք Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պատկան մարմիններուն՝ անոնց ուշադրութեան յանձնելով մտահոգիչ այս մագլցումը, որ կրնայ հարուած հասցնել նաեւ տարածաշրջանային անդորրին, պահանջելով միջամտել եւ կատարել հարկն ու պատշաճը՝ դիւանագիտական առումով»: