ՊԵՐԼԻՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ մշակող մօտաւորապէս 150 ընկերութիւններէն խոստմնալից նախաձեռնութիւններէն մէկն է ամերիկեան «Ֆալզըր» եւ գերմանական BioNTech ընկերութիւններուն պարուաստը, զոր մօտիկ ապագային ընկերութիւնները փորձարկելու վերջին հանգրուանին պիտի սկսին։
Յատկանշական է, որ 30,000 հոգիի վրայ փորձերը պիտի կատարուին մօտաւորապէս 120 երկիրներու մէջ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ Մայիսէն ի վեր, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն մեծամասնութիւնը 18էն 49 տարեկան են, հաւանաբար որովհետեւ անոնք չեն հետեւին հեռաւորութիւն պահպանելու պահանջներուն։
27 Յուլիսի յետմիջօրէին նաեւ հաղորդուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին մէջ, վարակուած 17 քաղաքացիներ մահած են եւ արձանագրուած են 2039 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 176,028 վարակումներ եւ 4375 մահեր: Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 2017 վարակակիրներ։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 466,000 վարակումներ եւ 8545 մահեր:
Մօտաւորապէս 4․44 միլիոն վարակակիրներով եւ 151,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն՝ Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 2.45 միլիոն, 1․5 միլիոն եւ 823,515 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը հասաւ 16.7 միլիոնի, որուն 10․3 միլիոնը ապաքինած է: Մահացած են մօտաւորապէս 658,000 վարակուածներ: