ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն»․- Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձախումբի եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ՝ 26 Յուլիսին տեղիունեցաւ Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը դատապարտող բողոքի ցոյց մը։ Առաւել քան 100 վանքուվըրահայերուն դէմ հակացոյցի դուրս եկան շուրջ 50 ատրպէյճանցիներ, որոնք կը բացագանչէին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կը պատկանի»։
Ցոյցին կը մասնակցէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին վրդ. Շխրտմեան, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Գեղարդ Կարապետեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Յակոբեան։
Բողոքի հաւաքի ընթացքին, Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող ելոյթներ ունեցան Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Բալիկ Քոչկիրեան։