ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵԼԱԼ 472 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Սի․Էն․Էն»․- «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ մը գտնելու պայքարին առաջատարներէն «Մոտերնա» ընկերութիւնը, որուն համահիմնադիրէն է ամերիկահայ գործարար Նուպար Աֆէյեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն յաւելեալ 472 միլիոն տոլար ստացած է, վարակին դէմ պատուաստին ստեղծումը արագացնելու նպատակով։
Ընկերութիւնը նախապէս 483 միլիոն տոլար եւս ստացած էր, իսկ նորագոյն աջակցութիւնը կը վերաբերի փորձարկումներու 3րդ եւ վերջին հանգրուանին:
«Մոտերնա» ընկերութիւնը կը գործակցի Փոխանցիկ հիւանդութիւններու Ազգային հիմնարկին հետ եւ անոր հետ համակարգելով՝ 30,000 անձեռու վրայ փորձեր պիտի կատարէ 100 վայրերու մէջ։ Նշեալ հիմնարկին ղեկավարը՝ Էնթընի Ֆաուչի, Երեքշաբթի օր Good Morning America յայտագիրէն յայտնեց, թէ «զգուշ լաւատեսութեամբ» կը մօտենայ այն հաւանականութեան, որ մինչեւ աշնան վերջը կամ ձմրան սկիզբը «Մոտերնա»ի պատուաստը պիտի յաջողի։
Նոյն յայտագիրէն, մէկ օր առաջ պատուաստի մը մշակման մասին տեղեկութիւններ հաղորդեց նաեւ Աֆէյեան, որուն ընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջինն էր, որ պատուաստը փորձարկոց մարդկոց վրայ: