«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը Ապրիլին մեկնարկեց «Խօսք Առ» մրցանքը։ Այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը հրաւիրեց աշխարհասփիւռ հայախօսներ՝ ներկայացնելու զանազան տեսակի նորարար լսատեսողական եւ գրական արտադրութիւններ, որոնք կը մղեն հայերէնով մտածելու եւ հայերէնով արծարծելու մարդկութեան դիմագրաւած այսօրուան հիմնահարցերը։
Ստացանք 18 երկիրներէ եւ զանազան ձեւաչափերու 165 դիմումներ. Շարժանկար ու շարանկար, երգ ու երգիծանք, ծաղրանկար, բանաստեղծութիւն, արձակ, տեսահոլովակ եւ աւելին։ Ամենէն երիտասարդ դիմողը ութ տարեկան էր, իսկ ամենէն տարիքովը՝ ութսուներեք։ Եօթը հոգիէ բաղկացած ներքին յանձնախումբը մեծ հետաքրքրութեամբ արժեւորեց բոլոր դիմումները, եւ որոշեց յատկացնել վաթսուն մրցանակներ։ Տրուած ըլլալով որ բազմաթիւ էին հետաքրքրական եւ որակաւոր դիմումները, յիսունի փոխարէն տրուեցան վաթսուն մրցանակներ. քսանհինգ մրցանակներ Հայաստանէն դիմողներու, եւ երեսունհինգ Սփիւռքէն դիմողներու, որ կը համապատասխանէ դիմողներու թիւին։
«Խօսք Առ» մրցանքին հիմնական նպատակներէն էր՝ խթանել բոլոր տարիքի եւ տարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդոց մտածելու հայերէնով եւ լեզուն գործածելու ստեղծագործ եւ այլազան ձեւերով։ Այս չափանիշերը, ինչպէս նաեւ ներկայացուած գործին կարողականութիւնը եւ հոն արտայայտուած միտքերուն թարմութիւնը գնահատումի հիմնական չափանիշերն էին։
Յատկապէս ուրախ ենք, որ մեծ թիւով երիտասարդներ դիմեցին՝ ստեղծագործ աշխատանքներով, որոնց մէջ հիմնական արտայայտչամիջոցը հայերէնն էր։ Մեծ ուրախութիւն է նաեւ տեսնել, թէ այս մրցանակին շնորհիւ կը գոյանայ հայերէնով ստեղծագործելու փափաք մը. հայ երիտասարդ եւ ստեղծագործ միտքեր կը սկսին փնտռել իրենց նմանները եւ կը փափաքին, կապ հաստատելով, կորիզ մը կազմել։
Ստորեւ կու տանգ մրցանակակիրներուն անուանացանկը․
ՍՓԻՒՌՔ
Լեւոն Շառոյեան, Սառա Պայրագտարեան, Խաժակ Այնթապլեան, Առէն Սէլվիօղլու, Ժաննա Յակոբջանճան, Վարագ Մեսրոպեան, Լոռի Սինանեան, Շաղիկ Խիւտավերտեան, ԱրմէնՊագգալեան, Մանէ Պասմաճեան, Ազատ Էօրտեքեան, Հայկ Կրակեան, Ռազմիկ Քապապէճեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Ռուբէն Ճանպազեան, Արմանտ Պօղոսեան, Բէկի Աւընեան, Լորենի Եթէրեան, Քարոլին Շահվէրտեան, Մելինէ Չոլաքեան, Անուշ Արթունեան, Սանահին Գասապեան, Սոնա Տօնականեան, Էրանյակ Օհանովա, Լիլիթ Ղազարեան, Գայիանէ Անդրէասեան, Բարտի Մինասեան, Ստանիսլավ Մեժդոյան, Կարին Կէօքճեան եւ Մայտա Շաւաք (խմբային), Շիլա Շէքէրեան եւ Արի Շէքէրեան (խմբային) Արա Օշական եւ Քրիս Ադամեան (խմբային), Կարին Եփրեմեան, Լոռի Պէրպէրեան, Զարեհ Մարգարեան, Նարօտ էրքօլ եւ Վարդան Էսթիւքօղլու եւ Առէն Սէլվիօղլու (խմբային)։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Թերեզա Ամրեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Սօսի Միշոյեան, Գրիգոր Շաշիկեան, Գէորգ Տէր Գաբրիելեան, Ռիմա Ալեքսանդրեան, Արիկ Գրիգորյան, Ջուլիետա Մաթեւոսյան, Գրիգորի Գրիգորյան, Մելինե Բիլբուլեան, Հայկ Գրիգորեան, Աննա Մկրտչեան, Անաիդա Վերդեան, Մելիքսեթ Փանոսեան Արեւիկ Արոեան, Քրիստինա Յարութիւնեան, Վրէժ Քասունի, Գառնիկ Աբգարեան, Յասմիկ Սիմոնեան, ՇողակաթԳալստյանAkopGabrielyan Հակոբ Գաբրիելեան, Յակոբ Գաբրիելեան, Յովսէփ Աղճեան եւ Հրանուշ Առաքելեան (խմբային), Նայիրի Խաչատուրեան եւ Վահրամ Գալստյան եւ Անուշ Ղուկասեան (խմբային), Լուսինէ Եղիազարեան եւ ԻնեսաԳրիգորեան եւ Արգիշտի Գրիգորեան (խմբային), Գոհար Խաչատրեան եւ Անահիտ Ղազարեան (խմբային)
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ «Խօսք Առ»ի ծանօթանալու համար այցելել gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։