ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Մինչ հայ–ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը որոշ չափով կայունցած է, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ատրպէյճանցիներ աննախադէպ արշաւ մը սկսած են Հայկական Սփիւռքի դէմ: Այդ բռնարարքներէն անմասն մնացին նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող եւ աշխատող հայերը:
«Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Պոլսոյ Գումգափու թաղամասին մէջ, խումբ մը ատրպէյճանցիներ յարձակած են հայ երիտասարդի մը վրայ եւ ծեծի ենթարկած զայն:
Երիտասարդին մայրը թերթին տեղեկացուց, որ ատրպէյճանցիները նախ հարցուցած են Արցախ հակամարտութեան մասին եւ հակառկ անոր, որ հայ երիտասարդը «նման հարցերով չեմ հետաքրքրւում» պատասխանած է, անոնք անցած են յարձակումի եւ խմբակային ծեծի տեսանիւթը համացանցին վրայ զետեղած են:
Յայտնի դարձաւ, որ նոյն թաղամասին մէջ վերջին օրերուն նման յարձակումներու ենթարկուած են 50 տարիքը բոլորած երկու հայեր եւս, իսկ հայ կնոջ պատկանող խանութի մը մէջ ատրպէյճանցիները ծեծած են պաշտօնեաները:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտնեց, որ ստեղծուած իրավիճակին լուծում տալու նպատակով, հանդիպում է ունեցած է Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Երլիքայայի հետ: