ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն 23 Յուլիսին դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի եւ Կիպրոսի գերիշխանութեան ոտնահարումը, Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ ստեղծուած նորագոյն լարուծութեան լոյսին տակ։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց կիպրացի իր պաշտօնակից Նիքոս Անասթասիատէսը ընդունելու ընթացքին։
«Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս կրկնել Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը Կիպրոսին, բայց նաեւ Յունաստանին, անոնց գերիշխանութեան Թուրքիոյ կողմէ ոտնահարման առթիւ։ Անընդունելի է, որ մեր Միութեան անդամ պետութեան մը ծովային տարածքը սպառնալիքի թիրախ դառնայ կամ բռնաբարուի։ Նման քայլի հեղինակները պէտք է պատժուին», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը։
Յիշեցնենք, որ 22 Յուլիսին, յունական նաւատորմը ահազանգային վիճակի անցած էր, մինչ Թուրքիա ռազմանաւեր ղրկած էր յունական կղզիներէն ամէնէն արեւելեանին՝ Քասթելլորիզոյի մօտերը։ Աթէնք կոչ ըրած էր Անգարային «անմիջապէս դադրեցնելու ապօրինի այս գործողութիւնները», որոնք «կը բռնաբարեն իր գերիշխանութիւնը եւ կը սպառնան տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան»։
Յունաստան Եւրոպական Միութենէն պահանջեց պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ, իսկ Կիպրոս պահանջեց Անգարայի դէմ եւրոպական միացեալ հակադարձութիւն մը:
Մինչ այդ, յունական «Նիւուզպամպ» կայքը Շաբաթ օր հաղորդեց, որ ամերիկեան ծովուժի «Այզընհաուըր» օդանաւակիրը 12 այլ մարտանաւերու ընկերակցութեամբ մուտք պիտի գործէ Միջերկրական եւ պիտի ուղղուի յունական Կրետէ կղզիին հարաւը գտնուող շրջանը, ուր ռազմափորձեր պիտի կատարէ յունական օդուժին հետ: