ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- 24 Յուլիսին տեղի ունեցած աղօթքով, Ս․ Սոֆիա տաճարին՝ իբրեւ մզկիթ վերաբացուելուն առիթով, Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ: Ցոյցին մասնակցողները 2 անգամ Թուրքիոյ դրօշը այրեցին, որուն խիստ սպառնալիքով արձագանգեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը դատապարտեց յոյն ցուցարարներուն գործողութիւնները եւ սպառնաց «կոտրել թրքական դրօշը այրողներուն ձեռքերը»:
Նշենք, որ ցոյցը սկսած էր Թուրքիոյ դրօշի հրկիզումով, ապա մասնակցողները քայլերթ կատարեցին դէպի Թուրքիոյ հիւպատոսարան: Յունական ոստիկանութիւնը, ապահովութեան նկատառումներէ մեկնելով՝ թոյլ չտուաւ ցուցարարներուն շատ մօտենալ թրքական հիւպատոսութեան շէնքին: «Ո՛չ նոր օսմանականութեան» գրութեամբ պաստառ պարզած ցուցարարները անգամ մը եւս թրքական դրօշ այրեցին այդ երկրի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան յարակից տարածքին մէջ: