ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Միացեալ Նահաանգներու իշխանութիւնները Թուրքիոյ կոչ ըրին՝ ազատ արձակելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործարար Օսման Քաւալան։ Ան առաւել քան 1000 օրերէ ի վեր բանտարկուած կը մնայ շինծու ամբաստանութիւններով։
Միացեալ Նահագներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ կը յիշեցնէ, որ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու դատարանը այս տարուան 18 Փետրուարին որոշած էր ազատ արձակել Քաւալան, սակայն, ժամեր անց, Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը Քաւալային նկատմամբ տուած էր ձերբակալութեան նոր որոշում մը. Քաւալա կը մեղադրուի 2016ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձին մասնակցելու յանցանքով։
Յիշեցնենք, որ Քաւալա յայտնի հասարակական գործիչ է: Հիմնադրած եւ երկար տարիներ ղեկավարած է «Anadolu Kultur» հիմնարկը՝ տարիներ շարունակ իրականացնելով նաեւ հայկական մշակոյթը ներկայացնող ձեռնարկներ։