Ֆիլատելֆիոյ մէջ, թրքերէն խօսող երկու տղամարդեր յարձակած են 34ամեայ հայուհիի մը վրայ, որ ինքնաշարժի ղեկին եղած է, երբ տղամարդերէն մէկը մօտեցած է եւ սկսած է փրցնել ինքնաշարժին վրայի հայկական խորհրդանիշները եւ դրօշակի նկարները․ այդ ընթացքին միւսը զարկած է վարորդի կողմի պատուհանի ապակիին՝ սպառնալով կնկան:
Կինն ու երեխան բարեբախտաբար կրցած են հեռանալ յարձակումին վայրէն։