Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Դժուար է: Շատ դժուար է բաժնուիլ, կորսնցնել քոյր մը, որ քոյր մը ըլլալէ անդին՝ տակաւին եղած է նաեւ մտերիմ մը, դաստիարակ մը, խորհրդական մը…: Ինձմէ երեք տարի մեծ էր քոյրս. կը յաճախէինք նոյն դպրոցը՝ Պուրճ Համուտի Ազգային Լուսինեան վարժարանը: Ան մեծապէս օգտակար կը դառնար դասերուս, ընթերցանութեանս, շարադրութիւններուս, թուաբանական դասերուս, հայերէն խօսակցութեանս, որովհետեւ ժամանակաշրջան մըն էր, երբ թուրքախօսութենէն դէպի հայախօսութիւն դարձ կատարելու դժուար օրեր էին:
Մարի Գիզիրեան իր ժամանակակիցներուն նման ունեցած է ջարդէն վերապրած ծնողներ: Ան ծնած է Ալեքսանտրէթ 10 օգոստոս 1933ին Վարդավառ եւ Շահզատէ Տէմիրճեանններու յարկէն ներս: Ունեցած է մէկ քոյր եւ երկու եղբայրներ: Ան հազիւ 6 տարեկան էր, երբ ընտանիքը փոխադրուած է Պէյրութ ու հաստատուած Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանը, ուր հասակ առած ու յաճախած է տեղւոյն Լուսինեան վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք պաշտօնավարած է երկար տարիներ նոյն վարժարանի մանկապարտէզին մէջ:
1957ին ան կ՛ամուսնանայ Զահլեցի Աւագ Գիզիրեանին հետ ու կը կազմեն իրենց ընտանեկան բոյնը. կը բախտաւորուին 3 զաւակներով՝ Կարօ, Սալբի եւ Արփի: Անոնք կը կերտեն խաղաղ ու հայաբոյր ջերմ ընտանիք մը: Մարին Զահլէի մէջ իր մայրական պարտականութիւններուն կողքին, մեծ հաճոյքով կը ծառայէ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան վարչութեան մէջ՝ իբր ատենապետ եւ գանձապահ:
1976ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, ընտանեօք կը փոխադրուին Միացեալ նահանգներ հաստատուելով Սան Ֆրանսիսքօ, ուր Մարին կը միանայ եղբայրներուն Սարգիսին եւ Նուպարին, ապա չորս տարի ետք ընտանիքով վերջնականապէս կը հաստատուին Կլէնտէյլ:
Հոս եւս Մարին շարունակեց իր միութենական կեանքը, անդամակցելով Կլետէյլի ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին ու ամուսնոյն Աւագին հետ կը մասնակցի «Սիսեցիներու Հայրենակցական Միութեան» վարչական աշխատանքներուն:
Ան մահկանացուն կնքեց 5 յուլիս 2020ին, իր կորուստը անփոխարինելի բաց մը թողուց՝ սուգի մատնելով իր հարազատները:
Մարի Տէմիրճեան Գիզիրեանի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 16 Յուլիս 2020ին, ժամը 3,00ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:
Թաղման արարողութիւնը կատարեցին Եփրեմ արք. Թապաքեան եւ Վազգէն Ա. քհն. Աթմաճեան: Ապա Եփրեմ արք . Թապաքեան իր դամբանականին մէջ՝ ի միջ այլոց նաեւ ըսաւ՝ «Հակառակ աշխարհով մէկ տարածուած համաճարակին, գնահատելի է որ բազում սգակիրներ մէկտեղուած են հոս, նորոգ հանգուցեալ Մարի Գիզիրեանի շիրիմին շուրջ, իրենց վերջին յարգանքը մատուցանելու: Ես այսօր հոս ձեզի հետ եմ որովհետեւ ընտանեկան փոխադարձ բարեկամութիւն մը ունեցած ենք Տէմիրճեան ընտանիքին հետ: Մարին իր ազնիւ նկարագրով, մանկութեանս օրերէն իսկ լաւ տպաւորութիւն ձգած է վրաս. Եղած է միշտ ժպտուն ու քաղաքավար: Կեանքի դժուարին պայմաններուն պատճառաւ Մարին չկրցաւ բարձրագոյն ուսում ստանալ ինչպէս թաղին տղաքն ու աղջիկները: Ու այսպէս, աւելի քան 50 տարիներ իր բարի պատերազմը շարունակելէ ետք, Մարին հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն՛ բարի յիշատակներ թողնելով մեր բոլորին սրտերուն մէջ: Կը յուսամ որ իր զաւակներն ու թոռները կը շարունակեն իր բարի գործերը»:
Ապա Սրբազանը Աստուածաշնչական մէջբերումներով մխիթարեց հանգուցեալին հարազատներն ու ներկայ սգակիրները:
Շնորհակալիք
Այս առիթով մեր սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Եփրեմ արք. Թապագեանին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. Եկեղեցւոյ հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանին եւ եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան, Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանին, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրին ու խմբագրական կազմին, «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմին, «Սիսեցիներու Հայրենակցական միութեան» վարչութեան, եւ բոլոր անոնց որոնք նուիրատուութիւններով, ցաւակցական գիրերով ու հեռաձայններով իրենց վշտակցութիւնը յայտնեցին Գիզիրեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներուն:
ՄԱՐԻ ԳԻԶԻՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, փոխան ծաղկեպսակի կատարուած են նուիրատուութիւններ, որոնց համար հանգուցեալի ընտանիքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ.
Avak Kizirian
Noubar & Yester Demirjian
Noubar & Elo Haddadian
Apo & Alice Kitsinian
Samuel Achekian
Zovinar Sarkissian Armenak
Adrin Gabriel Yeghiayan
Appo Jabarian
Kevork & Takuhi Bekmezian
Aram & Ardemis Ganumian
Zohrab Bekmezian
Maro, Sona & Janet Demirjian
Hratch & Nazo Dovletian
Azad, Angele & Haigaz Rafaelian
Tivol Kalayjian & Seta Rafaelian
Koko & Arous Kechejian
Koko & Lucy Krumian
Carl & Ralph Stein
Kathy Hovakimian
Mari Akmakchyan
Alina Khachatourian
Karin Kosger-Hovaguimian
Lerna Mor
Vicky Bolotnikova
Sarah Koloian
Alin Terzibasyan
Այս տխուր առիթով, հանգուցեալի եղբայրը՝ Նուպար Տէմիրճեան, «Ասպարէզ»ին կը նուիրէ 100 տոլար: