ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին մասին իրենց օրական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Լոս Անճելըս գաւառի առողջաահութեան մարզի պաշտօնատարները 6 Օգոստոսի յետմիջօրէին հաղորդեցին, որ մտահոգիչ կը մնայ այն իրողութիւնը, որ նոր վարակակիրներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ է։ Արդարեւ, Լոս Անճելըս գաւարին մէջ նոր վարակուողներուն 60 տոկոսը 18-49 տարեկան է։ Այս աճին պատճառներէն մէկը հաւաքոյթները կը նկատուին։
Այս շաբթուան սկիզբը անոնք հաղորդած էին, որ վարակումներուն թիւը սկսած է կայունանալ գաւառին եւ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ դարձեալ շեշտելով, որ պէտք է շարունակել տարածումը զսպող քայլերը: Նշուեցաւ, որ վարակուողներուն եօթնօրեայ միջինը օրական 2600ի իջած է, մինչ քանի մը շաբաթ անիկա 3000ի բարձրացած էր:
Նաեւ, նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին մէջ վարակուած 68 քաղաքացիներ մահացած են եւ արձանագրուած են 2347 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 197,912 վարակումներ եւ 4825 մահեր:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 533,000 վարակումներ եւ 9875 մահեր:
Մօտաւորապէս 5 միլիոն վարակակիրներով եւ 159,500 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն՝ Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 2.8 միլիոն, 2 միլիոն եւ 872,000 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 19 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը՝ 714,000ի: Ապաքինած են 12.2 միլիոն վարակուածներ: