ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուաշինկթըն մտադիր է խստացնել Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները՝ այդ երկրին մէջ իշխանութիւնը փոխելու համար, սակայն բազմաթիւ փորձագէտներ կը կասկածին այդ մօտեցումին արդիւնաւէտութեան վրայ: Այս մասին կը նշուի «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի պաշտօնատարները վճռական կերպով տրամադրուած են նոր սահմանափակումներ պարտադրելուն նկատմամբ՝ հիմնուելով ամերիկեան «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքին վրայ, որ Ուաշինկթընի վարչակազմին իրաւունք կու տայ սահմանափակիչ քայլեր կիրարկելու Դամասկոսին ուղղակի եւ անուղղակի օգնութիւն ցուցաբերող կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ գործող տարբեր զինեալ խմբաւորումներուն դէմ:
Յօդուածին մէջ կը մէջբերուին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնականի տեղակալ Ճօէլ Ռայընի խօսքերը: Ան յայտնած էր, որ պատժամիջոցները «պիտի չաւարտին», մինչեւ որ «սուրիական վարչակարգը եւ անոր դաշնակիցները համաձայնին» երկրին մէջ կառավարութիւնը փոխել:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը նշէ, թէ բազմաթիւ փորձագէտներ կը կասկածին, որ այդպիսի մօտեցում մը Միացեալ Նահանգներուն պիտի արտօնէ դիւանագիտական ոլորտին մէջ հասնիլ ցանկալի նպատակներուն:
«Պատժամիջոցները առանձին չեն կրնար լուծել հարցը», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու գանձապետարանի արտաքին հաշիւներու վերահսկման գրասենեակի նախկին տնօրէն Ճան Սմիթ: «Դժուար է հասկնալ, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը Սուրիոյ մէջ ի՛նչ կ՛ընէ, բացի սուրիական վարչակարգի խումբ մը պաշտօնատարները ներառելէ այդ ցանկին մէջ», ըսաւ ան: