ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը, աջակցելով «Ֆրիտիխ Նուման» հիմնարկին՝ կը կազմակերպէ 11-12 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած առցանց խորհրդաժողով մը, նիւթ ունենալով՝ ատելութեան խօսքը ու խտրականութիւնը։
Հիմնարկը միջազգային բնոյթի այս ձեռնարկով կը մտադրէ ատելութեան պատգամ եւ խտրականութիւն պարունակող արտայայտութիւններու պատճառած հարցերուն դէմ պայքարելու եղանակներ մշակել։ Կ՛ակնկալուի զանազան երկիրներու այս նիւթին շուրջ ունեցած փորձառութիւններուն, ռազմավարութիւններուն եւ աշխատութիւններուն փոխանակումը:
Թէ՛ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ համաշխարհային գետնի վրայ խիստ տարածուած հարց մըն է կիներու, երախաներու, տարբեր սեռային նախընտրութիւններ ունեցողներու, ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ուղղեալ ատելութեան պատգամները։ Բարձրացող ազգայնական եւ ամբոխավարական պատգամները երկիրներու մէջ պատճառ կը դառնան բեւեռացումի, օտարներու, ապաստանեալներու եւ գաղթականներու դէմ թշնամութեան։ Այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ անհրաժեշտութիւն մըն է համաշխարհային առումով գիտակցութեան բարձրացումը եւ պայքարելու նոր եղանակներու յայտնաբերումը։
Օրինակ, համաճարակին համար ասիացիները եւ յատկապէս չինացիները որոշ շրջանակներու կողմէ ներկայացուեցան իբրու հիւանդութեան պատճառը եւ ա՛լ աւելի ծաւալեցաւ օտարներու հանդէպ վերապահութիւնը, ցեղապաշտութիւնը ու փոքրամասնութիւններու ուղղեալ թշնամութիւնը։ Ոստիկանի մը կողմէ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ այլ երկիրներու մէջ խտրականութեան դէմ բողոքի ալիքի մը պատճառ դարձաւ։ Ընկերային ցանցերու ապատեղեկատուութեան, ատելութեան պատգամի եւ յարձակողական կոչերու դէմ պայքարը ուշագրաւ հանգրուանի մը հասած է։
Դեկտեմբերի այս միջազգային ձեռնարկին ընթացքին հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ակադեմականներու, իրաւաբաններու, միութիւններու եւ մամուլի գործիչներու մէկտեղումով քննարկման նոր դաշտ մը պիտի գոյանայ։
Խորհրդաժողովը անգլերէն եւ թրքերէն պիտի կատարուի։ Հարցում պատասխաններուն ժամանակ յատկացնելու համար, ելոյթները սահմանափակուած են 20 վայրկեանով։ Ձեռնարկը ուղղակ պիտի սփռուի համացանցով։
Մասնակցողներէն կը խնդրուի իրենց պատրաստած զեկոյցին անգլերէն ամփոփումը 300 բառի սահմաններուն մէջ եւ կենսագրական գիտելիքներով մինչեւ 7 Սեպտեմբեր տեղադրել հիմնարկին պատրաստած դիմումի կայքէջին (https://form.jotform.com/202033545534952) վրայ։
Նիւթին վերաբերող մանրամասնութիւնները կարելի է տեսնել հիմնարկի կայքէջէն (https://hrantdink.org/en/)։