ԷՆՍԻՆՕ.- Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ երեսփոխանական կազմը կը տեղեկացնեն, թէ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի, 16 Օգոստոսին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ պիտի մատուցուի եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11ին, իսկ աւարտին տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէք: Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։
Պատարագը պիտի մատուցուի դռնփակ, առանց հաւատացեալներու ներկայութեան, իսկ խաղողօրհնէքը տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Արարողութիւնները պիտի սփռուին առցանց՝ եկեղեցւոյ Դիմատետրով (Holy Martyrs Armenian Apostolic Church):
Նկատի ունենալով, որ խաղողօրհնէքը տեղի պիտի ունենայ բացօթեայ, օրէնքով սահմանուած թիւին համաձայն հաւատացեալներ կրնան ներկայ գտնուիլ կ.ե. ժամը 12:15ին, որմէ ետք խաղողի բաշխումը պիտի կատարէ Տիկնանցը:
Նաեւ, նկատի ունենալով, որ Ս. Ատուածածնայ Վերափոխման տօնը տաղաւար է, ըստ օրինի հոգեհանգիստ տեղի չ՛ունենար, սակայն փոխան խաղողի, կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ պայծառացման: