ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Գեղարքունիքի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին հաստատեց, որ Սեւանի արեւելեան ափին ստեղծուած են տնտեսական յեղափոխութեան բոլոր նախադրեալները: Փաշինեան այս յայտարարութիւնը կատարեց Շողակաթ համայնքին մէջ իրականացուած կուպրապատման աշխատանքներուն ծանօթանալէ ետք:
«Միւս տարի Սեւանի շուրջ անցանելիութեան խնդրի լուծումն ամբողջացնելու ենք: Սեւանի արեւելեան ափին տնտեսական յեղափոխութեան բոլոր նախադրեալները ստեղծուած են: Արեւելեան ափին գրեթէ ոչինչ չկայ, այստեղ ներդրումային նոր կուլտուրա (մշակոյթ-Խմբ.) պէտք է ներդնենք: Էկոտուրիզմի (բնապահպանական զբօսաշրջութիւն-Խմբ.) տրամաբանութեան մէջ անսահմանափակ պոտենցիալ (կարելիութիւն-Խմբ.) կայ», շեշտեց Փաշինեան:
Վարչապետին կատարած այս այցելութեան ընթացքին անոր կ՛ընկերակցէին տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան: