ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Արցախի 2020ի պետական պիւտճէի պահեստային ֆոնտի միջոցներէն 25 միլիոն դրամ յատկացուց Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին իբրեւ առդիւնք տուժած Լիբանանի հայ համայնքին` իբրեւ ֆինանսական աջակցութիւն:
Նշենք, որ 9 Օգոստոսին, Արցախի կառավարութիւնը Հայաստանէն Լիբանան ուղղուած յատուկ թռիչքով ուղարկած էր «Արցախի ժողովրդից Լիբանանին» մարդասիրական օժանդակութիւն: Նոյն նպատակով Արցախի Հանրապետութեան նախագահին յանձնարարականով կազմուած է նաեւ յատուկ յանձնաժողով մը, որ կը համակարգէ այդ ուղղութեամբ իրականացող աշխատանքները: