ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռազմարդիւնաբերութեան կոմիտէի նախագահ Արտակ Դաւթեան 21 Օգոստոսին այցելեց Երեւանի մէջ գործող «Քալաշնիքով» գնդացիրի հաւաքման` «Նէյտրոն Գամ» ընկերութեան արտադրամասը: Այս մասին յայտնեցին բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
«Հայաստանի վարչապետի այցից ընդամէնը մէկ ամիս ժամանակ է անցել, եւ արդէն առաջին խմբաքանակը` 1000 հատ ինքնաձիգ, արտադրամասը պատրաստ է տրամադրել մեր զինուած ուժերին:
«Այստեղից ինքնաձիգները կ՛ուղարկուեն զինուած ուժերի պահեստ, որտեղից` արդէն որոշում է կայացուել, տուեալ ինքնաձիգները տրուելու են զօրամասերին` մարտական հերթապահութեան կամ մարտական խնդիրների իրականացման համար:
«Սա արդէն արդիւնքն է, որը մենք տեսնում ենք: Ռազմարդիւնաբերութեան կոմիտէի, նաեւ զինուած ուժերի համապատասխան մասնագէտների կողմից հաւաքման ամբողջ գործընթացը վերահսկուել է եւ այսօր սա վերջնական մասն էր առաջին խմբաքանակի, որը պատրաստ է առաքուելու մեր զինուած ուժերին», յայտնեց Արտակ Դաւթեան:
Այցելութեան ընթացքին Ռազմարդիւնաբերութեան կոմիտէի նախագահին ներկայացուեցաւ ինքնաձիգներու հաւաքման բոլոր փուլերը, յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ որակի վերահսկողութեան բազմափուլ գործընթացին:
Հայաստանի մէջ հաւաքուող «Ակ-103 Քալաշնիկով» գնդացիրները խստօրէն կը վերահսկուին՝ որակի որեւէ թերութիւն բացառելու նպատակով: Հաւաքման իւրաքանչիւր փուլէ ետք մանրակրկիտ կը ստուգուին բոլոր մանրամասնութիւնները, որմէ ետք միայն գնդացիրը կը տեղափոխուի գործընթացի յաջորդ փուլ:
Ծանօթանալով մանրամասնութիւններուն` ռազմարդիւնաբերութեան կոմիտէի փորձագիտական խումբի անդամները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին արտադրական գործընթացի եւ յատկապէս որակի վերահսկման գործիքակազմին վերաբերեալ:
Only this kind production(s) will protect Fatherland,good performance, until next One Soon.