ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռայնիսի 1 հասցէին գտնուող բազմաբնակարան շէնքին փլուզման դէպքին առիթով, Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժինին մէջ յարուցուեցաւ քրէական գործ՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 279րդ յօդուածի (անվտանգութեան պահանջներուն չհամապատասխանող ապրանքներ թողարկելը կամ իրացնելը, աշխատանքներ կատարելը կամ ծառայութիւններ մատուցելը) յատկանիշներով։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի քննչական կոմիտէն:
Կազմուած է քննչական խումբ մը, որուն աշխատանքները կը ղեկավարէ Հայկ Գրիգորեան:
«Քրէական գործի շրջանակներում ներկայումս հարցաքննւում են նշուած շէնքի բնակիչները, քննչական խմբի կողմից զուգահեռ քննչական գործողութիւններ են իրականացւում Երեւանի թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոցում:
«Դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ իրականացւում են մեծածաւալ քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ», կը տեղեկացնէ քննչական կոմիտէն: