ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Երկու լիբանանահայ բժիշկներ իրենց ընտանիքներուն հետ տեղափոխուեցան Արցախ՝ Շուշի քաղաք։ Լուրը հաղորդեց Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը:
Կը նշուի, որ Պէյրութի աղէտալի պայթումէն ետք Արցախը ոչ միայն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց Լիբանան, այլ նաեւ շարունակաբար կը կատարէ հանգանակութիւն՝ լիբանանահայութեան կարիքներուն համար: Համայնքին ցայժմ յատկացուած է 25 միլիոն հայաստանեան դրամ:
Նոյն ատեն Արցախի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարեցին, որ պատրաստ են 100-150 հայրենադարձ ընտանիքներ ընդունելու:
26 Օգոստոսին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հեռավար զրոյց ունեցաւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ: Անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ընդգծուեցաւ, որ տեղւոյն հայ համայնքի հարցերու լուծման առումով շատ կարեւոր է գործադրուող համահայկական ջանքերուն համատեղումը: