ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ խստիւ կը դատապարտէ թրքական ուժերուն Հասիչէի մէկ միլիոն բնակիչները ջրազուրկ պահելը, զայն համայն մարդկութեան դէմ ոճիր համարելով։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ թրքական վարչակարգը, Ամերիկայի հովանաւորութեամբ՝ ջուրը իբրեւ զէնք կ՛օգտագործէ բնակիչներուն դէմ՝ քաղաքական շահեր ձեռք բերելու նպատակով եւ խախտելով միջազգային բոլոր օրէնքները։
Նախարարութիւնը նախազգուշացուց ջուրի անջատումի աղէտալի հետեւանքներէն՝ շեշտելով, որ ջուրի անջատումը իբրեւ զէնք օգտագործելը լրջօրէն կը սպառնայ բնակչութեան կեանքին։