ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Թուրքիա գերմանական բանակի օդանաւին արգիլեց օդային իր տարածքով երթալ Հայաստան եւ ժամանակին փոխադրել Աֆղանիստանի մէջ խաղաղարար առաքելութիւն կատարող հայ խաղաղապահները, կը գրէ գերմանական Spiegel թերթը:
Միջադէպը նոր չէ պատահած, սակայն նոր բացայայտուած է։ Գերմանական ռազմական օդանաւը Յուլիսին Գերմանիայէն Հայաստան կ՛ուղղուէր, Աֆղանիստանի մէջ գերմանական հրամանատարութեան տակ ծառայող հայ խաղաղապահները առնելու համար: Spiegel-ը կը տեղեկացնէ, թէ թռիչքները կանոնաւորող թուրք պաշտօնեան կամայականօրէն եւ առանց պատճառի մերժած է ռազմական օդանաւին Թուրքիոյ օդային տարածքով թռչելու արտօնութիւն տալ: Կարելի չէ եղած հարցը լուծել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջոցով եւ Գերմանիա ստիպուած եղած է օդանաւը Հայաստան ուղարկել աւելի երկար ճամբով՝ օգտուելով Ռուսիոյ օդային տարածքէն եւ միայն Օգոստոսի կէսերուն կարենալով փոխադրել հայ խաղաղապահները։
Spiegel-ը նաեւ կը յայտնէ, թէ ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու համար սովորական երեւոյթ է իրարու տարածքով թռչելու արտօնութիւն տալը: Այս հանգամանքը նկատի ունենալով՝ գերմանացի զինուորականները միջադէպը կը համարեն Անգարայի կողմէ դիտաւորեալ գրգռութիւն։ Գերմանական թերթը կը յիշեցնէ Թուրքիոյ վերաբերումը Հայաստանի նկատմամբ, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ թրքական կառավարութեան ուրացման դիրքորոշումը: