Հայկական Երեսփոխանական Խմբակը Կ՛առաջադրէ Ատիպի Թեկնածութիւնը
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100ամեակին առիթով կոչ ուղղեց Լիբանանը քաղաքացիական պետութիւն յայտարարելու:
Նախագահ Աուն խոստացաւ լիբանանցիները հրաւիրել երկխօսութեան մը, որուն պիտի մասնակցին հոգեւոր իշխանութիւնները եւ քաղաքական ղեկավարները՝ յանգելու համար բոլորին կողմէ ընդունուած տարբերակի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ըստ այնմ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարել: Աուն շեշտեց իր համոզումը, թէ միայն քաղաքացիական պետութիւնն է, որ կրնայ բազմազանութիւնը պաշտպանել:
Ան ընդգծեց, որ տիրող համայնքային վարչակարգը կամ համայնքային դրութիւնը միայն որոշ ժամանակաշրջանի մը համար էր, սակայն ներկայիս անիկա կ՛արգելակէ որեւէ զարգացում եւ բարգաւաճում, կը խոչընդոտէ փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ համայնքային սադրանքներ կը հրահրէ եւ բաժանում կը սերմանէ:
Նշենք, որ Լիբանանի վաչապետի նշանկման խորհրդակցութեան ընէացքին, Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ խմբակի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին առաջադրած էին Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Բագրատունի ըսաւ հետեւեալը. «Մեկնելով ազգային միասնականութեան սկզբունքէն եւ երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններէն` դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի անունը կ՛առաջադրենք վարչապետի պաշտօնին համար եւ անոր յաջողութիւն կը մաղթենք: Կոչ կ՛ուղղենք` կազմելու կառավարութիւն մը, որ ներառէ լիբանանեան հասարակութեան բոլոր շերտերը, որոնց մէջ նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները: Կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարիլ, երկիրը իր դիմագրաւած ելեւմտական պայքարէն փրկել, Պէյրութը եւ անոր շրջակայքը վերակառուցել` տուժողներուն տրամադրելով անմիջական հատուցումներ, ինչպէս նաեւ վաղուան Լիբանանը կերտելու արմատական բարեկարգումի ծրագիր մը մշակել»: