ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով անդրադառնալով 31 Օգոստոս 1993ին՝ Արցախի ազատամարտին ընթացքին, հայկական զօրքերու կողմէ Կուբաթլու շրջանի (վարչական կեդրոնը` Որոտան) ազատագրման՝ յայտարարեց. «Պիտի ազատագրուին Ատրպէյճանի բոլոր բռնագրաւուած տարածքները»՝ աւելցնելով. «Ատրպէյճանցիներն ալ պիտի վերադառնան իրենց տուները»:
«27 տարի առանց Կուբաթլուի», գրած է նախարարը: