ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ, 1 Սեպտեմբերի դրութեամբ՝ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի վարակման ընդհանուր 43,878 պարագաներ, որոնցմէ 38,356ը առողջացած է:
Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ:
Ներկայիս փաստօրէն այդ հիւանդութենէն կը բուժուին 4373 վարակակիրներ: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին կատարուած են 989 քննութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ` 206,929 քննութիւններ։ Այսպիսով` կան «Քորոնա» ժահրի վարակման հաստատուած 97 նոր պարագաներ եւ 634 ապաքինած անձեր: Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած են մահուան 881 պարագաներ: