ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիա Ռուսիոյ կոչ ուղղեց՝ հրաժարելու քայլերէ, որոնք կրնան ծառայել սուրիական այն կառոյցներու շահերուն, որոնք կապ ունին Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած Քրտական բանուորական կուսակցութեան հետ, կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը հրապարակուած է քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն մէկ պատուիրակութեան Ռուսիա այցելութեան եւ անոր՝ ռուս պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններ վարելուն առիթով:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ թրքական պատուիրակութիւն մը շաբաթասկիզբը այցելեց Մոսկուա, ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններ վարելով Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։