ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արցախի Հանրապետթեւան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին յղուած նամակով մը, Արամ Ա. կաթողիկոսը շնորհաւորեց Արցախի Անկախութեան օրը։
նամակին մէջ կը գրէկաթողիկոսը. «2 Սեպտեմբեր թուականը ողջ հայութեան համար ցնծութեան օր է: Արդարեւ, 29 տարիներ առաջ Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդը իմաստութիւնը ու քաջութիւնը ունեցաւ իր պատմական հայրենիքին մաս կազմող Արցախի հողին վրայ իր անկախութիւնը վերահաստատելու: Արցախի անկախութեան հռչակումը մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու ամուր վճռակամութեան շօշափելի արտայայտութիւնն էր:
Անցնող 29 տարիներուն Արցախը դարձաւ ոչ միայն Արցախի հայութեան, այլ համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը: Մեր ազգի զաւակները մասնակից դարձան, Արցախի հայութեան կողքին, Արցախի հզօրացման ձգտող այլազան ու բազմազան ծրագիրներու իրագործման:
Արցախի անկախութեան նշումը ուրախութեան ու հպարտութեան կողքին նաեւ պէտք է դառնայ յիշեցումի օր մեր ժողովուրդին համար: Արդ, հայոց բանակին կողքին ըլլալը, Արցախի զարգացման գործօն մասնակցութիւն բերելը, Արցախի իրաւաքաղաքական իրաւունքները պաշտպանելը պէտք է շարունակէ մնալ իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտաւորութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ Արցախի մեր ժողովուրդին ու պետութեան կողքին` վերանորոգ նուիրումով իր ներդռումը կատարելով Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն:
Այս առիթով, մեր Հայրական սէրը ու Հայրապետական օրհնութիւնը կը փոխանցենք ձեզի, պարոն նախագահ, ձեր գլխաւորած կառավարութեան, Արցախի սահմանները տիւ ու գիշեր պաշտպանող հայոց արի բանակին եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Թող Աստուած իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ, պահպանէ ու հզօրացնէ Արցախի Հանրապետութիւնը»: