ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նեւատա նահանգէն դեմոկրատ քոնկրեսական Տինա Թայթըս կ՛առաջնորդէ քոնկրեսականներու ստորագրահաւաք մը, որուն նպատակն է Քոնկրեսի գրադարանի ղեկավարութեան պարտադրել, որ այսուհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադառնան իր իսկական անունով։
Ան իր նամակին մէկ գրած է, թէ Քոնկրեսի գրադարանի ղեկավարութեան կողմէ գործածուող «Հայկական ջարդեր» եզրը ժամանակավրէպ դարձած է յատկապէս, երբ Քոնկրեսը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին գրադարանը, պատասխանելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նամակին՝ Յուլիսին տեղեկացուցած էր, թէ պիտի շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը չգործածել՝ պնդելով, որ այս հարցին մէջ կը հետեւի Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան օրինակին, հակառակ անոր որ, ինչպէս կառոյցին անունը կը թելադրէ, գրադարանը Քոնկրեսին հովանիին տակ կը գտնուի:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսական Թայթեսի նախաձեռնութիւնը, նոյն ժամանակ կոչ ընելով ամերիկահայութեան, որ այս սխալը սրբագրելու նպատակով միանայ Հայ Դատի սկսած նամակագրութեան արշաւին՝ այցելելով www.anca.org/library կայքէջը:
Աւելի կանուխ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի ղեկավարութեան յղուած նամակով մը Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարութները՝ Էտըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սփիր եւ Ֆրենք Փալոն եւս կոչ ըրած էին գրադարանին, որ վերջ դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ իբրեւ »Հայկական ջարդեր« անդրադառնալու անընդունելի կեցուածքին, որ կը շարունակուի հակառակ այն իրողութեան, որ Քոնկրեսին երկու տուները՝ Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը, անցեալ տարի յստակօրէն ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ընդունելով յաջորդաբար թիւ 296 եւ 150 բանաձեւերը: