ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 9 Սեպտեմբերին, Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ:
Այս գծով հաղորդագրութիւն հրապարակեց ՀԱԿի գրասենեակը, որ նշեց, թէ շուրջ երկու ժամ տեւած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացման, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման մասնակցեցան Հայ ազգային կոնգրեսի փոխնախագահ Լեւոն Զուրաբեան եւ Ռուսիոյ դեսպանատան երրորդ քարտուղար Իկոր Ռատուշնեակ։