ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) 14 Սեպտեմբերին Փարիզի մէջ ունեցան խորհրդակցութիւններ՝ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի ներկայութեան։ Այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները դիտարկեցին տարածաշրջանային իրավիճակը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին Յուլիսին արձանագրուած լարուածութեան յաջորդած իրադարձութիւններուն: Համանախագահները ուշադիր դիտարկեցին եւ գնահատեցին կողմերուն մասնաւոր ու հրապարակային հաղորդագրութիւնները եւ մտահոգութիւնները:
Համանախագահները ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչէն տեղեկացան գետնի վրայ տիրող անվտանգութեան իրավիճակին մասին եւ ողջունեցին դիտարման գործընթացը վերսկսելուն վերաբերող նախապատրաստութիւնը:
Համանախագահները հեռաձայնային զրոյց ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ զանոնք հրաւիրելով յառաջիկայ շաբաթներուն անձամբ հանդիպելու համանախագահներուն հետ՝ համապատասխան դիրքորոշումներու յստակացման համար, առանց նախապայմաններու լուրջ բովանդակային բանակցութիւններու վերսկսելու նպատակով: