ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չինաստանի կողմէ նոր դեսպանատան կառուցումը Հայաստան կը դիտէ իբրեւ նոր նախաձեռնութիւն՝ հայ-չինական յարաբերութիւնները աւելի բարձ մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ Չինաստանի նորակառոյց դեսպանատունը տուած այցելութեան եւ կատարած շրջագայութեան ընթացքին։
«Չինաստանը կարող է հպարտ լինել այսպիսի մեծ ներկայութեամբ, եւ մենք էլ սա դիտարկում ենք որպէս Չինաստանի կողմից յայտ, որ հայ-չինական յարաբերութիւնները կարող են աւելի բարձր մակարդակի լինել եւ աւելի խորանալ: Մեր համագործակցութիւնը երկու երկրների միջեւ, չնայած իրենց տարբեր չափերին (փոքր Հայաստան եւ մեծ Չինաստան), երկուսն էլ ունեն շատ մեծ ընդհանրութիւններ, երկուսն էլ ինչ-որ իմաստով համաշխարհային ազգեր են, որովհետեւ չինական մշակոյթը եւ ազգը ամբողջ աշխարհով է տարածուած եւ նոյնն էլ՝ հայ ժողովրդի», ըսաւ Սարգսեան:
Ըստ նախագահին` համագործակցութեան բազմաթիւ ուղղութիւններ կան նախ եւ առաջ անվտանգութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ:
Սարգսեան նոր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ Չինաստանի հետ համագործակցութեան նոր հորիզոններ կը տեսնէ, որովհետեւ ապագայի աշխարհը յագեցած պիտի ըլլայ անով` արհեստական բանականութենէն մինչեւ կենսաբանական ոլորտներ, որովհետեւ երկու երկիրները համատեղ գիտական, գիտատնտեսական, գիտահետազօտական զարգացման կարելիութիւններ ունին:
«Այնպէս որ, շատ դրական եմ նայում մեր հետագայ համագործակցութեանը», ըսաւ նախագահը:
Ան դեսպանին առաջարկեց, որ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը ոչ միայն տնտեսութեան ոլորտին մէջ զարգանայ, այլ նաեւ զարգանայ կրթութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ այնտեղ նոյնպէս ներուժ կայ, ինչպես նաեւ՝ մշակոյթի ոլորտին մէջ. երկուքն ալ հին ժողովուրդներ են, ունին հսկայական պատմութիւն եւ արուեստ, եւ ժամանակակից մշակոյթ: «Ամէն ինչ կախուած է մեզանից` կ՛անե՞նք, թէ ոչ», յայտնեց Սարգսեան:
Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլուն բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտը երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ամէնէն հեռանկարային ոլորտներէն նկատեց:
«Ժամանակակից աշխարհը յառաջ չ՛երթար առանց բարձր արհեստագիտութեան զարգացման: Նոյնիսկ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը այդ մէկը ապացուցեց, թէ որքան կարեւոր են տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, առցանց գործառնութիւնները եւ այլն, ուրեմն, կը կարծեմ, որ մեծ Չինաստանի եւ փոքր Հայաստանի համար բարձր արհեստագիտութիւնները այն օղակն են, որ մեզ կը համախմբեն, եւ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը խոչընդոտ չէ: Կը կարծեմ, որ նախագահը բոլորովին ճիշդ է, որ հեռանկարային ուղղութիւններէն է նաեւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտը», եզրափակեց դեսպանը: