ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ հրապարակեցի սոյն յօդուածին առաջին մասը՝ նկարագրելով խումբ մը սեւամորթ ամերիկացիներու լոպիինկ իրականացնելու ջանքերը Թրամփի վերընտրութեան ուղղութեամբ՝ ֆինանսական աջակցութեամբը հարուստ թուրք գործարարներու, որոնք միլիառաւոր տոլարներ պիտի ներրնէին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս գործարարներէն մէկը Ալի Աքաթն էր։
Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Աքաթ տեսակցեցաւ Xstrategies-ի գործադիր տնօրէն Ալեքսանտր Պրուզեւիցի հետ Ուաշինկթընի «Թրամփ» միջազգային հյիւրանոցին մէջ, ուր քննարկեցին Թուրքիոյ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ 12 միլիառ տոլար ներռնելու եւ 25 հազար աշխատանքի տեղեր ստեղծելու մտադրութիւնը:
Աքաթ լուսանկարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երեք հանրապետական քոնկրեսականներու՝ Ճօ Ուիլսընի (Հարաւային Քարոլայնա), Փիթ Սեշընզի (Թեքսաս) եւ Սքաթ Փերիի (Փենսիլվենիա) հետ: Ան նաեւ տեսակցեցաւ միլիառատէր Թամ Պարաքի եւ Լարա Թրամփի հետ, «Թրամփ» միջազգային պանդոկին մէջ։
Salon.com-ը կը յայտնէ, թէ Աքաթ թրքական մամուլին պատմած է, որ «Սքաթ զայն տարած է Հանրապետական կուսակցութեան ազգային կոմիտէի կեդրոնը, ուր ան լուսանկարուած եւ հանդէս եկած է ճառով, իսկ ապա՝ Սպիտակ տուն։
Ահաւասիկ՝ նշեալ հատուածին մօտաւոր թարգմանութիւնը․ «Տարըլ Սքաթի հետ հանդիպումներուն ընթացքին ան ջերմօրէն աջակցեցաւ նախագիծին: Ան մեր նախագիծը փոխանցեց Տանըլտ Թրամփ կրտսերին, իր գործընկերներուն եւ ընտանիքին։ Նախ ան զիս տարաւ հանրապետականներու կեդրոնը, ուր ես կարելիութիւնը ունեցայ բացատրելու նախագիծը, եւ անիկա հաճելի թուեցաւ բոլորին։ Այնուհետեւ ան զիս տարաւ Սպիտակ տուն՝ մեկնելով հարցին կարեւորութենէն։ Մենք շփումներ ունեցանք Սպիտակ տան մէջ եւ տեսակցեցանք Տանըլտ Թրամփ կրտսերին յատուկ օգնականներուն եւ օգնականներ Էնտրիւ Ճուլիանիի, Քլէյոն Թ. Հենսընի, Ռանի Լ․ Ճեքսընի, Ճենիֆեր Ս․ Քոռնի եւ Ալեքսանտրա Ե․ Վելեցիսի հետ»։
«Թրքական յօդուածին զուգահեռ զետեղուած է լուսանկարը Աքաթի եւ Տերըլ Սքաթի, որոնք միասին կը դիտէին հաստ թղթապանակ մը, ըստ շէնքին ծանօթ մարդոց վկայութեամբ, Սպիտակ տան դրացնութեան մէջ գտնուող Այզընհաուըրի գրասենեակի շէնքի համաժողովներու դահլիճը ։ Այդ շէնքը կը հիւրընկալէ Սպիտակ Տան աշխատակազմին մեծ մասը», կը գրէ Salon.com-ը՝ աւելցնելով. «Աքաթ թուրք-ամերիկեան (լուրերու) հրատարակութեան ըսաւ, որ թրքական 15 ընկերութիւններ պատրաստ են առեւտուր զարգացնելու Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Գրեթէ նոյն ժամանակ, Տերըլ Սքաթ հրապարակեց իր ուղեւորութիւնները նախագահի օդանաւով (Air Force One) եւ Սպիտակ տուն այցելութիւները իր URC-ի («Քաղաքներու Վերածնունդի Դաշինք») կարգավիճակով, որովհետեւ ինք եւ URC-ի համանախագահ Քարիմ Լենիըր անմիջականօրէն աշխատած են Թրամփի եւ անոր խորհրդականներուն հետ, ներառեալ Ճերըտ Քուշների (զոր Սքաթ «J-Rock» կ՛անուանէ), թէ ինչ կը դառնայ Սպիտակ տան Հնարաւորութիւններու եւ Վերածնունդի Խորհուրդը, որ կազմուած է նոյն տարուան Դեկտեմբերին։ Սքաթի այցելութիւները կը ներառէին Սպիտակ տան մէջ Թրամփի հետ միջանկեալ ընտրութիւններու արդիւնքներու մասին անոր երեկոյեան դիտարկումները: Սքաթի եւ Թրամփի՝ ընտրութիւններուն հետեւելէն օր մը առաջ, Թրամփ Թուրքիան ազատեց ուժանիւթային պատժամիջոցներէ, որոնց նմանը իր վարչակազմը Նոյեմբերին դրած էր Իրանի վրայ: Ասիկա խիստ քննադատութեան արժանացաւ Միացեալ Նահանգներու որոշ պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք այդ քայլը գնահատեցին իբրեւ Էրտողանի կոշտ մարտավարութեան ենթարկութիւն, յատկապէս «Հալք» դրամատան՝ Թուրքիոյ ֆինանսական հաստատութեան հետ բանակցութիւններու վերաբերեալ, որ ներկայիս կը գտնուի դաշնակցային քննութեան տակ՝ Իրանի դէմ պատժամիջոցները խախտելուն համար»:
Salon.com –ը կը ծարունակէ՝ ըսելով. «Նոյն օրը, երբ Թրամփ թոյլ տուաւ Թուրքիոյ՝ շրջանցել պատժամիջոցները, թուրք հարուստ արդիւնաբերող եւ ներդրող Ֆերհան Ատեմհան, որ կապեր ունի նաեւ Աքաթի եւ (թուրք գրող Ռապիա) Քազանի եւ Թրամփի քարոզարշաւի աջակից եւ Փենսի դաշնակից Մարթա Պոնեթայի հետ, իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած է հետեւեալը․ «Ամերիկա ութ երկիրներ ազատեց պատժամիջոցներէ, որոնց նմանները անոնք կիրարկած էին Իրանի դէմ: Ազատեցաւ նաեւ մեր երկիրը։ Մենք ազատեցանք այս բեռէն՝ յանուն մեր երկրին»: Քանի մը շաբաթ ետք, Աքաթ վերադարձաւ Ուաշինկթըն գտնուող նախագահին պանդոկը, տեղադրեց Թրամփի եւ Ճուլիանիի լուսանկարները, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան նուէրները: 12 Դեկտեմբերին Թրամփ հրամանագիր մը ստորագրեց Սպիտակ տան Քաղաքներու Վերածնունդի եւ Հնարաւորութիւններու Խորհուրդ կազմելու մասին։ Հրամանագիրին գրեթէ իւրաքանչիւր պարբերութեան մէջ կցուած է «հնարաւորութիւններու գօտիի» զարգացումը: Ստորագրման ներկայ էր Տերըլ Սքաթ եւ Թրամփ առանձնայատուկ կերպով գովաբանեց զայն։ Այդ օր, Ազգային բազմազանութեան խորհուրդը, խումբ մը, զոր ստեղծած էր Թրամփի նախկին փաստաբան Մայքըլ Քոհեն, եւ որ այդ խումբին մէջ Սքաթ եւ Լենիըր աշխատած էին իբրեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, իսկ Քազան կը նստէր խորհրդակցական խորհուրդին մէջ, լուրը տեղադրեց «Թուիթըր»ի վրայ՝ հեգնանքով մատնանշելով, որ Քոհեն դատապարտուած էր բանտարկութեան, նոյն օրն իսկ․ «ՇՏԱՊ․ նախագահ Թրամփ․ ԿԱՐԵՒՈՐ ճառ․ հրաման կը ստորագրէ Քոհենի երեք տարուան բանտարկութեան ֆոնի վրայ https://youtu.be/LRZviaXbHOI», յայտնած է Salon.com։
Քննութիւններու Դաշնակցային բիւրոյին կողմէ Քոհենի գրասենեակները եւ տուները կատարած ստուգման այցելութիւներէն, հեռաձայնները ու համակարգիչները բռնագրաւելէ ետք, Ազգային բազմազանութեան խորհուրդի (NDC) տնօրէն Պրիւս Լեւել, որ ըստ Քազանի, իրմէ շորթած է 1000 տոլար, գրաւոր հաղորդագրութեամբ մը իր մտահոգութիւնը յայտնած էր Քազանին. գրութիւնը ձեռք բերած էր Salon-ը․ «Վստահէ ինծի։ Ոչ մէկուն ըսէ Թրամփի NDC-ի մասին։ Ջնջէ։ Քոհեն մեղադրանքի ենթարկուած է: Շնորհակալութիւն»:
Salon.com-ը կը գրէ նաեւ հետեւեալը. «23 Դեկտեմբերին, Հնարաւորութիւններու եւ Վերածնունդի խորհուրդի պաշտօնական ստեղծումէն ետք, Թրամփ «Թուիթըր»ի վրայ գրեց հետեւեալը. «Էրտողանի հետ խիստ ընդլայնուած առեւտուրի քննարկման մասին․․․: Երկու օր ետք, Daily Sabah-ը, որ կը պատկանի Էրտողանի փեսային, հրապարակեց Աքաթի հետ մէկ այլ հարցազրոյց՝ նշելով, որ առեւտրական բանակցութիւնները յառաջ գացած են: Ան տնտեսական ապագայ ծրարը գնահատեց մէկ միլիառ տոլարով։ Յօդուածը, որ հրապարակուած էր Սուրբ Ծննդեան օրը, վերնագրուած էր «Յաջորդ Տարի Կ՛ակնկալուի Թուրք-ամերիկեան Առեւտուրի Երկկողմանի Աճ» Յաջորդ ամիս, Թրամփ «Թուիթըր»ի վրա դարձեալ գրեց Թուրքիոյ հետ առեւտրական քաղաքականութեան մասին․․․: «Նաեւ խօսեցայ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական զարգացման մասին․ էապէս ընդլայնուելու մեծ ներուժ․․․»»։
Salon.com-ը կ՛եզրակացուցնէ՝ ըսելով.․ «Այս ջանքերը, URC-էն Սքաթի եւ Լենիըրի աջակցութեամբ, ի շարս այլոց, կը բերեն փոփոխութիւններ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական քաղաքականութեան մէջ՝ առաջնահերթութիւն տալու թրքական արտադրական ընկերութիւններուն Միացեալ Նահանգներու մէջ, կարծես թէ հակասելով Թրամփի «Առաջինը՝ Ամերիկան» օրակարգին: CREW-ի (Քաղաքացիները Պատասխանատուութեան եւ Բարոյականութեան Համար), Քարոզարշաւի իրաւական կեդրոնի եւ OpenSecrets-ի փորձագէտները Salon-ին յայտնեցին, որ առաջին նայուածքով, այս նախաձեռնութիւնը մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան գործողութեան» (FARA) հնարաւոր խախտումներու վերաբերեալ, որ օտարերկրեայ շահերու համար լոպպինկ իրականացնող ամերիկացիներէ կը պահանջէ արձանագրուիլ կառավարութեան մօտ: URC-ը կրնայ նաեւ բախիլ հարկային օրէնսդրութեան պարտաւորութիւններու: Պահ մը, խումբը հարկերէ զերծ 501 գ (3) ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն էր, որ կրնար նուիրատուութիւններ ընդունիլ, ներառեալ՝ օտարերկրեայ քաղաքացիներէ, առանց աղբիւրները բացայայտելու: Բայց որովհետեւ URC-ը ակնյայտօրէն երբեք հարկի յայտարարագիր չէ ներկայացուցած, Ներքին եկամուտներու ծառայութիւնը (IRS) այս տարուան Մայիսին յետս կոչեց հարկերէ ազատած ըլլալու անոր կարգավիճակը»:
Ասիկա տարօրինակ պատմութիւնն է խումբ մը մարդոց, որոնք կ՛իրականացնեն Թրամփի քարոզարշաւին պահանջները, որպէսզի նախագահը լաւ տեսքով յայտնուի սեւամորթ ամերիկացիներու առջեւ, նոյն ժամանակ պնդելով, որ անոնք թրքական աղբիւրներէ ներդրումներ կ՛ապահովեն սեւամորթներու աղքատ բնակավայրերուն համար։ Անոնց գործողութիւնները պէտք է քննուին Արդարադատութեան բաժանմունքի եւ Ներքին եկամուտներու շառայութեան կողմէ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ