ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ստախօսներուն համար վարժութիւն եղած է իրենց խօսած սուտը երդումով հաստատելը: Ստախօսները իրենց ենթադրած մտային արթնութիւնը չունին: Անոնք միշտ փնտռտուքի մէջ են, իրենց խօսած սուտերուն պատճառով բացուած ծակերը փակելու, երբեմն մէկ ծակի դիմաց դրած իրենց կափարիչը առնելով միւսը գոցելու ստիպողութեամբ:
Սուտին ու երդումին յարակցութիւնը շատ հետաքրքրական պատկեր մը կը ներկայացնէ բարոյագիտութեան դիմաց: Մինչ առաջինին նիւթը եւ մանաւանդ զայն արտաբերող միտքը ի սկզբանէ պիղծ է, երկրորդին առարկաները ընդհանրապէս ամբիծ, անարատ, սուրբ ու բիւրեղ նկարագիր ունին: Այսպէս, ո՛չ ստախօսը սուրբ մըն է, ո՛չ ալ անոր սուտի առարկանները: Ստախօսը բնականօրէն նաեւ շողոքորթ, կեղծաւոր, աւազակ, յափշտակող եւ անվստահելի մարդն է: Անոր հիմնական նպատակը իր գործին յառաջ մղուիլն է, որուն յաջողութեան ճամբուն վրայ պէտք չէ ըլլան արգելքներ, խոչընդոտող մարդիկ, կամ որեւիցէ պատնէշ: Ան պարտաւոր է ամէն ինչ ընել անդրանցնելու համար իր դիմաց ցցուող պատուարները: Սակայն քանի որ ստախօսը նաեւ շողոքորթութեամբ յատկանշուող մարդն է, ուրեմն բացայայտ ճակատումի չի՛ դիմեր: Ան կ՛ուզէ, որ իր աշխատանքը ընթանայ աւելի հեզասահ:
Ճիշդ հակառակ պատկերը կը ներկայացնեն ստախօսին երդման առարկաները: Ասոնք բոլորն ալ նուիրականութիւն մը ունին, որ անձեռնմխելի է, նոյնիսկ անմերձենալի է, ինչպէս` Աստուած, երկինք, հրեշտակներ, հաւատք եւ այլ սրբութիւններ: Տակաւին կան շօշափելիները, ինչպէս` հայր, մայր, զաւակներ, հարազատներ, մէկ խօսքով մարդ էակի համար ամէնէն թանկագին անձնաւորութիւնները, որոնց գլխուն վրայ, կամ արեւով կ՛երդնու ստախօսը: Ան նոյնիսկ իր սուտ երդումին շօշափելի առարկաներուն նուիրականութիւնը բարձրացնելու ուրիշ ձեւ ալ գտած է: Ողջերէն բացի, ան կ՛երդնու մահացած անձերու գերեզմանին վրայ, որոնց մէջ թաղուածները եթէ առիթ ունենային գլուխնին մէկ վայրկեան դուրս հանելու, առաջին գործը իրենց ստախօս հարազատին երեսին թքելը պիտի ըլլար:
Ի՜նչ մեծ հեգնանք, որ նման անձեր հանրային կարծիքի դիմաց միշտ պարզերես երեւնալու մտավախութիւն ունին: Ասոնց համար շատ կարեւոր է, որ իրենց «բարի» ու «բարեգործ» դիմագիծը չեղծանուի եւ մարդիկ շարունակեն գովել զիրենք, իրենց կատարած «մարդասիրական» արարքներուն համար հանրութեան կեանքին մէջ: Նման երեւակայական ձգտումներով այնքան կը համոզեն այս անձերը նախ իրենք զիրենք, որ պահ մը այնպէս կ՛ենթադրեն, որ բոլորին յարգանքը կը վայելեն, որպէս յայտնի անձնաւորութիւն: Անշուշտ զանոնք ճանչցողները պարզապէս ծիծաղի առարկայ կը դարձնեն այս ողորմելիները, որոնք իրենք իրենց մասին սուտ խօսելու անմիտ սովորութիւնը ունին:
Հոգեբանական բարդ իրավիճակ է այս, որուն զոհ կը դառնան, առաջին հերթին ինքնավստահութեան պակաս ունեցող անձեր: Կեանքը, գործը, շրջապատի մարդիկը, երբեմն ընտանեկան պարագաները իրենք պատճառ կը հանդիսանան այսպիսի խեղճ մարդոց անկումին եւ ստախօս դառնալուն: Անոնք իրենց կինը կամ ամուսին, աղջիկը կամ տղան պաշտպանելու համար ստախօս կը դառնան, քայքայլելով իրենց նկարագիրը եւ սկզբունքայնութիւնը:
Մեծ ու յարգուած մարդ ըլլալու ինքնախաբէութիւնը առաջին քայլն է, որ նման մարդիկը կ՛առաջնորդէ դէպի մտային թեթեւ խանգարում: Օրինակները բազմաթիւ են հոգեբանութեան մէջ, սակայն անոնց գլխաւորը այն է, որ ենթական ինքզինք կը դնէ շատ յայտնի անձնաւորութեան մը տեղ: Ընդհանրապէս պատանիներ ու պարմանուհիներ այս փորձութեան կը մատնուին, այսինչ մեծ դերասանին եւ կամ երգչուհիին տեղ դնելով իրենց անձը: Նման անձեր, իրենց կուռքին նման կը հագնին, անոր շարժուձեւերն ու ձայնը կը փորձեն կապկել, ինչպէս նաեւ կը ջանան իրենց երազներուն միջոցաւ փոխադրուիլ անրջական այն աշխարհը, ուր իրենք պիտի դառնան ճիշդ իրենց երազած այդ անձը:
Անարժէք երդումը, զոր ստախօսներ կը կատարեն, նոր երդումներու դուռ կը բանայ միայն եւ ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէ նոյնիսկ ինքզինք մեծ ու յարգուած մարդ կարծողը: Իր բանաւոր խօսքի ընթացքին, ստորակէտի կամ շնչառութեան փոխարէն երդուողը ամէնէն անվստահելի մարդն է հաւաքական կեանքի մէջ: Անոր ո՛չ «այո»ին պէտք է հաւատալ եւ ո՛չ ալ` «ոչ»ին: Երդումի առարկաները նոյնիսկ ամէնէն նուիրականէն` Աստուծմէ սկսեալ մինչեւ Սուրբ Միւռոն, հայր ու մայր, զաւակներ ու թոռներ, իմաստազուրկ գոյութիւններ կը դառնան ստախօսին բերնին մէջ, որ իր կաշին փրկելու պահուան դիմաց, աժան գինով վաճառքի կը հանէ այդ ամէնը, մինչդեռ մարդոց այնպէս կը ներկայացնէ, որ վերոյիշեալները իր աչքերուն լոյսն են…: Ահա թէ ինչպէս հակասութեան ու ինքնավարկաբեկման ստիպողութեան կը մատնուի ստախօսը, որուն խօսած սուտերն ու կատարած երդումները կը գումարուին, կը բազմապատկուին՛ եւ անոնց հաշիւը պահելը անկարելի կը դառնայ:
Ստախօսը իր խօսած մէկ սուտին հետ քառասուն հատ եւս խօսելու ստիպողութեան դիմաց կը գտնուի յաճախ, որովհետեւ ճշմարտութիւնը այնպիսի ոստիկան մըն է, որ հանգիստ չի՛ տար ստախօսին: Ան միշտ կը հալածէ զայն, մինչեւ որ անկիւն մը բերէ, ստիպելով, որ ստախօսը ընդունի իր խօսած սուտերը:
Անձնական շահու, սեփական վայելքի եւ ապագայի հեռանկարներու համար ստախօսին թափած ջանքերը յանկարծ կրնան ի դերեւ ելլել, որովհետեւ ճշմարտութիւնը քաջ սովորութիւն մը ունի. անիկա բնա՛ւ կռնակէն չի՛ զարներ մէկը, այլ ուղղակի ճակատէն: Ստախօսները միշտ իրենց ճակատէն պէտք է զարնուին: Ասիկա բարոյական օրէնքին հաստատած սկզբունքն է: Արարք մը, որ միայն արդար ու ճակատաբաց մարդոց ձեռքով կ՛իրագործուի:
Ո՞վ է արդար ու ճակատաբաց մարդը: Միայն դատաւորները չեն, որոնք արդարութեան մարտիկներ կը համարուին ու կոչումով նաեւ այս առաքելութեան կը նուիրուին: Արդար ու ճակատաբաց մարդը նաեւ ստախօսին զո՛հ դարձած մարդն է, որ ամչնալու պատճառ մը չունի: Ան գողութիւն չէ՛ կատարած, ո՛չ ալ ստախօսին ինչքը յափշտակած է ու իւրացուցած: Արդար ու ճակատաբաց մարդը անբարոյութիւն չէ գործած, ո՛չ ալ ուրիշին ստացուածքին աչք ունեցած է: Ուրեմն, զոհը միշտ իրաւունքի տէր է: Ան քաջ գիտէ իր իրաւազրկուած ըլլալը: Զոհը գիտէ մանաւանդ այն գինը, զոր վճարած է, երբեմն իր կեանքով եւ երբեմն` նիւթապէս:
Վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները նկատի ունենալով, հաւատք կարելի չէ՛ ընծայել ստախօսի որեւէ խօսքին: Անոր բոլոր խօսքերը, ինչ պայմաններու տակ ալ խօսի ան, ինչքան ալ լուրջ ներկայանայ կամ հանգամանաւոր դիրք ապահովէ իրեն համար, նոյնիսկ հազարաւոր երդումներով ամրապնդէ իր ճշմարտացիութիւնը, այլեւս նշանակութիւն չեն ունենար գիտակից մարդուն համար:
Ստախօսը պէտք է դասել առաջնակարգ ոճրագործներու շարքին, որ թէպէտ արիւնահեղութեամբ չ՛արատաւորեր իր ձեռքերը, սակայն իր խօսած նուազագոյն սուտով կրնայ պատճառ դառնալ արիւնահեղութեան: Երդումը ստախօսին «աստուած»ն է, որուն կ՛ապաւինի ան անմտօրէն, իր դժուար պահերուն: