ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղը անանուն նուիրատուէ մը 3 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացած է՝ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին գործունէութեան դաշտը ընդարձակելու եւ ծրագիրին հետեւողներուն համար կրթանպաստներ տրամադրելու նպատակով։
Գումարին 2.5 միլիոն տոլարը կրթանպաստներու պիտի տրամադրուի։
Հայագիտական ծրագիրին վարիը՝ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան եւ համալսարանին ղեկավարութիւնը ողջունեցին այս իշխանական նուիրատուութիւնը։
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 2019ին եւս 2.1 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարուած էր՝ գլխաւորաբար Հայագիտկանին հովանիին տակ գտնուող եւ հայութեան վերաբերող արխիւները եւ պատմական իրերը դասաւորելու ու հանրութեան տրամադրելի դարձնելու ջանքերուն աջակցելու համար:
1983ին հայերէնի դասանիւթով սկսած Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրը, համալսարանին ուսուցիչներ պատրաստող բաժանունքին հետ համագործակցութեամբ՝ հայերէն եւ հայկական մշակոյթ դասաւանդող ուսուցիչներ պատրաստելու իւրայատուկ ծրագիր մը եւս ունի: