ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԷԼԷԿԵԱՆ
Աշխարհը կ՛ապրի նորարարութիւններու արագ եւ աննախընթաց ժամանակաշրջան մը, երբ հետզհետէ զարգացող արդի արհեստագիտութեան բարիքներէն օգտուելու կարելիութիւնները առաւել կ՛ընդլանուին:
Ֆերահեան Ազգային վարժարանն ալ, իր կարգին, քայլ պահելու համար ստեղծուած արդի նորարարութիւններուն՝ ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ մեր վարժարանը պիտի ըլլայ առաջինը, որ պիտի սկսի օգտագործել հայկական ամէնէն մեծ թուային գրադարան-հարթակը՝ «Վլում»ը (Vlume):
Գրականութիւնը նոր արհեստագիտութեան կապելով, գրական բովանդակութեամբ եւ հայ գրականութեան ձայնային ու թուայնացած գիրքերով ստեղծուած այս հարուստ հարթակը իր նորարար ձեւերով մեր աշակերտներուն մօտ օրէն հասանելի պիտի ըլլայ համակարգիչի, iPad-ի կամ բջիջային հեռաձայներու միջոցով: Այս հարթակին օգտագործումով, մեր աշակերտները պիտի առաջնորդուին հայ գրականութիւնը ընթերցելու, ինչպէս նաեւ մեր ինքնութեան կարեւոր մէկ մասը դարձած հայերէնով կարդալու կարողութիւնը զօրացնելու:
«Վլում»ը հսկայածաւալ աշխատանք կատարած է հայկական գիրքեր թուայնացնելու: Գրքասէրներ համակարգիչի, iPad-ներու կամ բջիջային հեռաձայներու միջոցով կարելիութիւնը ունին ելեկտրոնային գիրքեր (ebooks) կարդալու եւ ձայնագիրքեր (audiobooks) ունկնդրելու: