21 Սեպտեմբերին, Երկուշաբթի օր, Փասատինա քաղաքի Պլեռ հանրային վարժարանի նորաբաց Հայկական ճեմարանի աշակերտները տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29րդ տարեդարձը:
Տօնական այս առիթով հայկական ճեմարանի աշակերտները կազմակերպեցին յատուկ յայտագիր մը: Յայտագիրը կատարուեցաւ առցանց:
Բացման խօսքերը կատարեցին ճեմարանի ուսուցիչներ Նորայր Տատուրեան եւ Ճենի Եսայեան: Ապա, աշակերտները կատարեցին երգեր, արտասանութիւններ եւ սրտի խօսքեր: 9րդ կարգէն Էլեն Վարդանեան եւ 11րդ կարգէն Այրին Ֆրիաս ներկայացուցին Հայաստանի վերանկախացման պատմական հանգամանքները: Անոնք տուին նաեւ հանրապետութեան մասին վիճակագրական բազմաթիւ եւ հետաքրքրական տուեալներ: Անկախ հանրապետութեան մը խորհրդանշանները ներկայացուց Է. Վարդանեան, իսկ Ա. Ֆրիաս մանրամասնօրէն նկարագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը:
8րդ կարգէն Աննա Պապիկեան արտասանեց Միքայէլ Նալպանդեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութենէն հատուածներ, 12րդ կարգէն Դաւիթ Աբիկեան երգեց «Արարատն Առաջ» («Արդեօք ովքեր են») եւ «Մենք Քաջ Տոհմի Զաւակներն Ենք» երգերը, 10րդ կարգէն Սերժ Պոյաճեան եւ 11րդ կարգէն Պրենտըն Քալան տուին հայրենասիրութեան եւ անկախութեան բարձր գաղափարներուն նուիրուած խօսքեր: Խօսք առաւ նաեւ 12րդ կարգի աշակերտուհի Լիա Մախուլեան, որ ամիս մը առաջ Հայաստանէն Պլեռ վարժարան եկած էր աշակերտներու փոխանակման յատուկ IB ծրագիրով: Ան ճեմարանի միակ աշակերտն է, որ ծնած եւ հասակ նետած է անկախացած Հայաստանի մէջ: Լիա Մախուլեան իր յուզիչ խօսքին մէջ իր դասընկերներուն բացատրեց, թէ ինչպէս է կեանքը անկախ Հայաստանի մէջ: Ան անկախութիւնը համեմատեց ազատ շնչառութեան հետ:
Աշակերտները դիտեցին նաեւ Հայաստանի անկախութեան առիթով Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կատարուած զինուորական տողանցքէն ներշնչող տեսարաններ, ինչպէս՝ «Հրացաններու Պարը»:
Տեղի ունեցաւ լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը, որուն համար աշակերտները Արարատի ուրուագիծը յիշեցնող տեսարաններ լուսանկարած էին իրենց անմիջական շրջապատէն: Ցուցահանդէսը խորագրուած էր՝ «Արարատը ամէն տեղ է»:
Հայաստանի քայլերգին կատարումով սկսած այս յայտագիրը վերջացաւ Տէրունական աղօթքով:
Վարժարանին երկու ուսուցիչները հանրային վարժարանին մէջ սկսած են հայեցի դաստիարակութիւն տալ, թէ՛ հայորդիներու եւ թէ այն օտար աշակերտներուն, որոնք կը փափաքին հայոց լեզուին եւ մշակոյթին ծանօթանալ:
Հայկական ճեմարանի աշակերտները Հայաստանի Հանրապետութեան կը մաղթեն յաւերժ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։
Ծնունդդ շնորհաւոր, Հայաստան:
(Թղթակցութիւնը՝ ճեմարանէն)