Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոս աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած՝ ի զօրակցութիւն հայոց բանակին, որ արեան նահատակութեամբ կը պաշտպանէ մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու Աստուածատուր իրաւունքը: Վեհափառը խնդրեց Աստուծմէ, որ հեռու պահէ Հայաստանը, Արցախը եւ ողջ հայութիւնը երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներէ, բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ հոգւոց խաղաղութիւն պատերազմին զոհուած հերոսներուն ու բոլոր հայորդիներուն:
Ապա, պատարագի աւարտին, հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ՝ նահատակ զինուորներուն եւ հայորդինեդու հոգիներուն համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ եւս կատարուեցաւ աղօթք՝ հայոց բանակին զօրակցութեան եւ հոգեհանգիստ՝ պատերազմին զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Յայտնենք, որ հայրապետը միջեկեղեցական շրջանակներու հետ կապեր հաստատեց՝ անոնց փոխանցելով Արցախի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին իրաւ պատկերը, թշնամիին սադրանքները, Թուրքիոյ ու ահաբեկիչներուն մասնակցութիւնը ատրպէյճանցիներու կողքին եւ մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու Աստուածատուր իրաւունքը: Միջեկեղեցական կառոյցները, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը դատապարտեցին ատրպէյճանական յարձակումները եւ քաղաքական բանակցութեան ճամբով հարցերը լուծելու կոչ ուղղեցին:
Յիշեցնենք, որ կաթողիկոսըը կոչ ուղղեց բոլոր թեմերուն ու հայորդիներուն՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին ճամբով եւ այլ միջոցներով գործնապէս զօրավիգ կանգնելու հայոց բանակին:
ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ