«Ատրպէյճանի եւ Թուքիոյ բանակները, աջակցութեամբ օտարերկրացի ահաբեկիչներու, վեց օրէ ի վեր բռնութեամբ ու ռազմական գործողութիւններով կը թիրախաւորեն Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիական բնակավայրերը», յայտարարեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումը, Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Մոնթրէալի կեդրոնը գտնուող Place du Canada-ի դիմաց տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին:
«Միասնական պայքար, հաւաքական յաղթանակ» լօզունգով հազարաւոր մոնթրէալահայեր եւ լավալահայեր ոգի ի բռին, խիտ շարքերով հաւաքուած էին՝ դատապարտելու թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յարձակումերը Արցախի ու Հայաստանի վրայ:
Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինինին կողմէ:
Հանրահաւաքին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ՌԱԿի եւ ՍԴՀԿի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ: Հանդիսավարն էր Միռնա Ֆուտուլեան:
Հերթաբար խօսք առին Գանատայի Ազատական կուսակցութեան եւ խորհրդարանի անդամներ Ֆայսալ էլ Խուրի եւ Անի Գութրաքիս, ընդդիմադիր «Նոր Դեմոկրատ» կուսակցութեան փոխնախագահ Ալեքսանտր Պուլըրիս, Մոնթրէալի Աքատի շրջանի նահանգային երեսփոխան Քրիսթին Սեն–Փիեռ, Լավալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արամ Էլակէօզ (Renaud), Ալին Տիպ (St-Martin) եւ Վասիլիոս Քարիտօճիանիս (Լապօր-ա-Փլուֆ), որոնք խստօրէն դատապարտեցին ատրպէյճանական զինեալ յարձակումները եւ բռնութիւնները, իրենց ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին ու կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան, որ սատար կանգնի հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու աշտպանութեան:
Բողոքի իր ձայնը բարձրացուց նաեւ Մոնթրէալի Ռուանտայի համայնքի փոխնախագահ Ժագ Վիրաժիրա:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հրակ Տարագճեան, որոնք դատապարտեցին Ատրպէյճանի ու Թուքիոյ կիրառած բռնութիւնները ու դրսեւորած յարձակողապաշ քաղաքականութիւնը, որոնք կ՛ուզեն բռնութեամբ լուծել Արցախի ինքնորոշման արդար իրաւունքը եւ իրագործել իրենց մտադրութիւնները:
Գարագաշեան իր խօսքը մանաւանդ ուղղելով Գանատայի վարչապետ Թրուտոյին ու արտաքին գործոց նախարար Շամփայնին՝ նշեց, որ Արցախի ու Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդը կենաց-մահու ժամեր կ՛ապրի, թուրքը անգամ մը եւս ցեղասպանութիւն կ՛իրագործէ տարածաշրջանին մէջ, ուստի պահը հասունցած է մէկդի թողելու խաղաղասիրական եւ երկողմանի հրադադար յորդորող կոչերը եւ գաղափարները ու գործի լծուիլ՝ յանուն Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդի գոյատեւման: «Որպէս գանատահայեր, կը պահանջենք վարչապետէն ու արտաքին գորխոց նախարարէն՝ դատապարտել Թուրքիոյ ռազմական եւ դիւանագիտական ներգրաւուածութիւնը Արցախեան հակամարտութեան մէջ եւ անյապաղ դադրեցնել գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ», եզրափակեց ան:
Բողոքի ցոյցին ընթացքի հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Էլի Պէրպէրեան:
Թուրք- ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ Վանգուվըրի մէջ
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանքուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 3 Հոկտեմբերին, թուրք–ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ նոեւ Վանքուվըրի մէջ:
Արաւել քան 200 հայեր, յոյներ եւ քիւրտեր մասնակցեցան հաւաքին: Խօսք առին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ալէմեան, Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Յակոբ Յակոբեան եւ Վանքուվըրի քիւրտ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Դատապարտումի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԳԵՄի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Նաթալի Պոզիքեան: