5 Հոկտեմբերին, Երուսաղէմի Հայոց պատրաիք Նուրհան արք. Մանուկեան նամակ ուղղեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին՝ կոչ ընելով դադրեցնելու Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքը:
Նամակէն օրինակներ ղրկուեցան նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին, խորհրդարանի խօսնակին եւ արտաքին գործոց նախարարին:
Նուրհան պատրիարքը նամակին մէջ գրած է հետեւեալը. «Ցաւալի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան կը մասնակցի Իսրայէլ՝ իր աջակցութեամբ: Իսրայէլի ներկայ դիրքորոշումը հեգնանքով ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլ անբարենպաստ վերաբերմունք ունի Հայաստանի եւ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը ապրած հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Այսօր Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը փորձեն ջնջել հայերը իրենց հայրենիքէն, եւ, դժբախտաբար, ձեր երկիրը կ՛օգնէ անոնց՝ հասնելու իրենց միասնական նպատակին: Ո՞ւր մնաց բարոյականութիւնը»:
Ըստամպուլի պատրիարքնիս ձայնը ելա՞ւ: Էրտողանին ըսելիք մը չունի՞ աս օրերուն: Ամմէն բան Բայլանին վրան ձգեր է: Պէտք է պրաւօ ըսենք Երուսաղէմի պատիրիարքին: