ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համացանցի աշխարհահռչակ աստղ Քիմ Քարտաշեան իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանին աջակցի՝ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին մէջ, կը գրէ The Hill թերթը:
Թերթը կը նշէ, որ Քիմը իր ընկերային ցանցերուն միլիոնաւոր հետեւորդներուն կոչեր կ՛ընէ՝ պահանջելու Քոնկրեսէն, որ դատապարտէ Պաքուն՝ իբրեւ պատերազմը հրահրողի եւ Թուրքիոյ՝ հակամարտութեան միջամտելուն համար:
Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ Քարտաշեան Ուեսթ, որ կապեր ունի Թրամփի փեսային՝ Ճերըտ Քուշների հետ, կրնայ մղել վարչակազմը՝ աւելի աշխոյժ եւ յստակ դիրքորոշում ստանձնելու համար: The Hill-ը նաեւ կը նշէ, որ Քարտաշեանի ջանքերը կը խթանէ «Խոստումը» ֆիլմը արտադրողներէն Էրիք Իսրայէլեան:
Իսրայէլեան ըսաւ, որ իր ընկերները՝ օրինակ՝ Քիմ Քարտաշեան եւ անոր ընտանիքը, Շերը, Սերժ Թանգեան, Ալեքսիս Օհանեան, ունին աւելի մեծ հարթակ, քան ինք: «Բայց ես կրնամ բոլորը ի մի բերել եւ ինծի համար պատիւ է, որ բոլորը կը հետաքրքրուին եւ կը հարցնեն, թէ ինչ կրնան ընել», ըսաւ Իսրայէլեան: