ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ժընեւի քաղաքապետական խորհուրդը 7 Հոկտեմբերին, 49 կողմ, 18 ձեռնպահ եւ 2 դէմ ձայներով ընդունեց Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները դատապարտելու, Արցախի հայերուն ինքնորոշման իրաւունքը ճանաչելու եւ Զուիցերիոյ մէջ Ալիեւներու գումարները սառեցնել պարտադրելու մասին բանաձեւը:
Բանաձեւի համահեղինակներն են՝ Աննա Բարսեղեան, Առնօ Մորէյօ, Պրիճիթ Շթուտեր եւ խորհուրդի քանի մը այլ անդամներ:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը ունին ապրելու եւ ինքնորոշման իրաւունք» խորագրուած բանաձեւը կը պարունակէ պատմական ակնարկ՝ Արցախը Ատրպէյճանին բռնակցելու եւ հայերու դէմ տեղի ունեցած ջարդերուն մասին եւ ատրպէյճանական յարձակումներուն մասին։ Անոր մէջ կը դատապարտուին նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքացիական բնակչութեան դէմ կատարուող ոճրագործութիւնները:
Յատկանշական է, որ բանաձեւը ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին Ժընեւ այցելութեան նախաշեմին: