ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան 8 Հոկտեմբերին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան նախաձեռնած է Արցախի սահմաններուն երկայնքին բռնկուած նորագոյն պատերազմը:
Ֆրանսայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին ընթքացքին, նախարարը ըսաւ. «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ներկայիս շատ լուրջ վիճակի մէջ է։ ԵԱՀԿի Մինսկկի խմբակի համանախագահները համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկան՝ կոչ ընելով կողմերուն, որ հրադադար հաստատուի, որովհետեւ մեծաթիւ քաղաքացիական զոհեր կան»։
Ֆրանսայի արտաքին գործեց նախարարը 7 Հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ Թուրքիա ռազմական միջամտութեամբ կ՛աջակցի Պաքուին, սպառնալով միջազգայնացնել հակամարտութիւնը: