ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Երուսաղէմի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան համահիմնադիր եւ նախկին նախագահ, փրոֆեսէօր Իսրայէլ Չարնի վստահ է, որ իսրայէլցիներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի հետ է եւ սրտնեղած է Իսրայէլի կառավարութեան տգեղ դերակատարութենէն՝ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելուն հառցով: Իսրայէլ Չարնի վերոնշեալ տեսակէտը յայտնեց «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Չարնի շեշտեց, որ Իսրայէլի մտաւորական խաւը եւ յատկապէս ցեղասպանագէտները յստակ հասարակական դիրքորոշում որդեգրած են: Ան յիշեցուց, որ օրեր առաջ Իսրայէլի գիտնականները յայտարարութեամբ կոչ ուղղեցին կառավարութեան՝ դադրեցնելու զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին:
«Այնուամենայնիւ, Իսրայէլի մէջ ներկայում քաոսային եւ փտած պետութեան պայմաններուն մէջ, մեր՝ անցեալին ունեցած լաւ ազդեցութիւնը դադրեցուած է, եւ մենք յոյս չունինք, որ կրնանք ազդել այս անպատասխանատու եւ կործանարար կառավարութեան վրայ: Օրինակ՝ նախապէս մենք զգալի աջակցութիւն ունեցած ենք մեր այժմու նախագահ Ռիվլինէն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խիստ կողմնակիցն է, բայց հակասական կերպով, նախագահի իր երեւելի պաշտօնին վրայ ան աւելի քիչ ազդեցութիւն ունի քաղաքական գործընթացին վրայ, քան ունէր՝ իբրեւ Քնեսեթի (Իսրայէլի խորհրդարան) նախագահ», ըսաւ ան։
Ըստ Իսրայէլ Չարնիի՝ Թուրքիա բռնապետ Էրտողանի օրօք ակնյայտօրէն սպառնալիք է հայ ժողովուրդին, նաեւ Իսրայէլի համար: Չարնի նկատել տուաւ, որ Թուրքիա չարագուշակ կերպով կը սպառնայ Իսրայէլին՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ իր հռետորաբանութեամբ, կը շարունակէ իր հալածանքները նաեւ քիւրտերուն նկատմամբ, Սուրիոյ մէջ: Ան շեշտեց, որ Էրտողան ակնյայտ մարդասպան է:
«Կ՛ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ, որ Իսրայէլ դեռ կ՛ուղղուի: Ես կասկած չունիմ, որ իսրայէլցիներուն բնական մեծամասնութիւնը Հայաստանի հետ է եւ խորապէս նեղսրտած է մեր տգեղ դերակատարութենէն՝ չսահմանափակելով Ատրպէյճանի վաճառած որեւէ զէնքի՝ ինչ որ ձեւով օգտագործումը Հայաստանի դէմ», ըսաւ Չարնի: