Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ցեղային նկատառումներով ծայրայեղականներու ոճրային ու ահաբեկչական արարքները կը հարուածեն մարդկային արժէքներ ու հանդուրժողութիւնը: Նման արարքներ դատապարտելը բաւարար չէ, այլ պէտք է պատժել բոլոր ծայրայեղականները, անոնց հարուածները գան աջէն թէ ձախէն…
Սա մօտաւոր, ո՛չ բառացի մէկ արտայայտութիւնն է Գերմանիոյ հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայմայըրի, արձանագրուած՝ Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբերին: Չէ՛, չկարծէք, որ անոր դատապարտանքի խօսքերը ուղղուած էին Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ շէներ ռմբակոծող, Արցախի վրայ 12 օրէ ի վեր լայնատարած յարձակում գործող թուրք-ազերիական բանակներու վայրագութեանց մասին, որոնք խլած են բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ՝ նա՛եւ անմեղ քաղաքացիներու շարքերէն, աւերումներ կ’արձանագրուին ժամ առ ժամ:
Ո՛չ. Շթայնմայըր կը խօսէր Գերմանիոյ Հալը քաղաքին մէջ, ուր ճիշդ տարի մը առաջ, աջակողմեան ծայրայեղական մը յարձակում գործած էր հրէական աղօթատեղիի մը վրայ եւ սպաննած՝ 2 հոգի: Հրեաներ ու գերմանացիներ ոգեկոչական ձեռնարկ մը կազմակերպած էին տարելիցին առիթով:
Ոեւէ բանական մարդ անպայման որ կը ձայնակցի Գերմանիոյ նախագահին, ի մասնաւորի անոր այն ակնկալութեան, թէ ծայրայեղականներու ոճրային արարքներուն դիմաց, պէտք չէ բաւարարուիլ միայն դատապարտանքի խօսքերով: Այս արտայայտութեան մէջ, կ’ուզենք տեսնել ոճրային ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿԻ արարքի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կամք, ներառեալ՝ ընդդէմ այն ոճրագործ պետութիւններուն, որոնք կը կոչուին Թուրքիա եւ ԱՏրպէյճան:
Ծանօթ ենք Ցեղասպանութեան մասին Գերմանիոյ նախագահին արդար մօտեցումներուն: Արդար ակնկալութիւնը ունինք, որ «դատապարտանքէ անդին անցնելու» եւ պետակա՛ն ոճիրներ գործողներու դէմ եւս պատիժներ սահմանելու անոր կամքը վարակէ Մարքրոնները, Փութինները, Թրամփներն ու Եւրոպայի ու արաբական աշխարհի գերագոյն ղեկավարները, հասնի մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, Ափրիկէ ու Ամերիկաներ:
Երկու անմեղներու սպանութեան դէմ ցասումի եւ բողոքի ձայն բարձրացնողը չի կրնար անտարբեր մնալ հազարաւորներու վիճակուած ողբերգութեան նկատմամբ: Ահաբեկիչներուն դէմ ամբողջ աշխարհը հրաւիրուած է միասնաբար գործի անցնելու: