ՄԱԿ, «Թասս»․- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիերեշ մտահոգ է Արցախի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի խախտումներով եւ այդպիսի գործողութիւնները անթոյլատրելի կը նկատէ, յայտնեց քարտուղարին բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք:
«Այսօր լրջօրէն հիասթափած ենք զինադադարի դրութեան խախտման մասին լուրերով եւ այդ խախտումները անընդունելի կը նկատենք: ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը կը դատապարտէ որեւէ գործողութիւն` ուղղուած քաղաքային բնակչութեան դէմ: Ընդհանուր քարտուղարը դարձեալ կողմերուն կը յիշեցնէ քաղաքայինները եւ քաղաքային կառոյցները պաշտպանելու անոնց պարտաւորութիւններուն մասին` միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան», նշեց Տիւժարիք: