ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ճերուզալեմ Փոսթ»․- Իսրայէլի Գերագոյն դատարանը մերժեց Ատրպէյճանին զէնք վաճառելը արգիլելու դիմումը, զայն ունկնդրելու համար փաստերը անբաւարար նկատելով։
Պաքուին զէնքի վաճառքը արգիլելու մասին հայցը ներկայացուցած էր իսրայէլացի գործիչ Էլի Ճոզէֆ, որ այդ առնչութեամբ հացադուլ յայտարարած է: Ճոզէֆ՝ իբրեւ ապացոյց լրատուական հաղորդագրութիւններ ներկայացուցած էր այն մասին, որ ատրպէյճանական զէնքին 60 առ հարիւրը կը ստացուի Իսրայէլէն, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ, որոնց համաձայն, Արցախի տագնապին ներկայ սրումէն քանի մը օր առաջ Իսրայէլ զէնք տեղափոխած է Ատրպէյճան: Ան նաեւ ներկայացուցած էր «Միջազգային ներում»ի լրատուական վաւերագրութիւնները եւ զեկուցումը` ապացուցելով, որ Արցախի մէջ Ատրպէյճան իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր կ՛օգտագործէ:
Մէկ օր առաջ, խումբ մը իսրայէլացի գիտնականներ յղած էին Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերեալ բաց նամակ մը, որուն միջոցաւ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէին անյապաղ դադրեցնելու զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին` մինչեւ կառավարութեան եւ Քնեսեթին կողմէ այս հարցին քննարկումը:
Յիշեցնենք, որ Իրանի Արտապիլ նահանգին մէջ 13 Հոկտեմբերին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը ջախջախուած էր: