
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ հաստատեց Անգարայի պատրաստակամութիւնը` զինուորականներ ուղարկելու Ատրպէյճան, աջակցելու ղարաբաղեան տագնապին մէջ: «Նախագահ Էրտողան այդ մասին յայտարարած է իրավիճակի սրման առաջին օրէն», ըսաւ Օքթայ «CNN Turk»ին:
Ան նշեց, որ Ռուսիա այն երկիրներէն է, որուն հետ Թուրքիա կրցած է առաւել առողջ յարաբերութիւններ կառուցել, հակառակ անոր որ կան բազմաթիւ նիւթեր, որոնց շուրջ իրենք չեն համաձայնիր: «Մենք կրնանք խնդիրներ ունենալ, բայց կան նաեւ ոլորտներ, որոնց մէջ մենք կրնանք միասին աշխատիլ: Եթէ այս առումով որեւէ բան փոխուի, Թուրքիան անկեղծօրէն պիտի յայտարարէ այդ մասին», ընդգծեց ան։
Բացի այդ, հանրապետութեան փոխնախագահը դարձեալ դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը չի կրնար լուծուիլ առանց Թուրքիոյ: «Ռուսիա փորձեց լուծում գտնել եւ բանակցութիւններ վարել երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ, բայց չյաջողեցաւ: Այն իրողութիւնը, որ Թուրքիան ներկայ չէր սեղանի շուրջ, մեծ բացթողում էր: Ալիեւ ըսաւ, որ առանց Թուրքիոյ ոչ մէկ լուծում կրնայ ըլլալ», նշեց Օքթայ։

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան Ատրպէյճան զօրք ուղարկելու Օքթայի յայտարարութիւնը նկատեց Ատրպէյճանին՝ պայքարը շարունակելու վճռականութիւն հաղորդելու միջոց: «Ադրբեջանը, փաստօրէն, օգտագործում է իր վերջին ռեզերվները եւ շատ ուժեղ հարուածներ է ստանում ադրբեջանական բանակը, մանաւանդ վերջին օրերի ընթացքում: Փաստօրէն, դրանով փորձում են Ադրբեջանին վճռականութիւն հաղորդել, որ շարունակի պայքարը: Ես համոզուած եմ, որ, եթէ Թուրքիայի գործօնը չլինէր, Ադրբեջանը վաղուց կը գնար զինադադարի ու կը սկսէր բանակցութիւնները: Որ Թուրքիան պատրաստ է զօրք ուղարկել, ես դա վաղուց էի կանխատեսել, որովհետեւ իմ համոզմամբ, եթէ Թուրքիան չի ուզում, որ Ադրբեջանը վերջնական ջախջախուի, պէտք է իր զինուած ուժերն ուղարկի: Հիմա էլ կայ մասնակցութիւն, բայց զօրք ուղարկելը վերջին միջոցն է, որ Թուրքիան լրիւ ներգրաւուի պատերազմի մէջ», նշեց Սաֆրաստեան:
Ըստ թրքագէտին՝ այդ պարագային հարց պիտի յառաջանայ, թէ Թուրքիոյ այս քայլը ինչպէ՛ս կը դիտեն Ռուսիան եւ ՆԱԹՕի ծիրին մէջ Թուրքիոյ դաշնակիցները:
«Ռուսաստանը կարող է աւելի կտրուկ գործողութիւնների դիմել, արդէն ստիպուած լինելով օգտագործել իր հնարաւորութիւնները: Ես ենթադրում եմ, որ դա կ՛արժանանայ նաեւ ՆԱՏՕի շրջանակում իր դաշնակիցների շատ բացասական վերաբերմունքին: Եթէ Թուրքիան տեսնի, որ Ադրբեջանը պարտւում է, ապա այլ քայլ չի մնայ: Մի՞թէ նրանք թոյլ կը տան, որ Ադրբեջանը պարտուի, ես կարծում եմ, որ այս յայտարարութիւնը պէտք է լուրջ ընդունենք», շեշտեց ան։
Ռուբէն Սաֆրաստեանի կը յայտնէ, թէ Թուրքիան Ատրպէյճան զօրք ուղարկելու քայլէն կրնայ հրաժարիլ միայն այն պարագային, երբ շատ ուժեղ ճնշում զգայ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի մէջ իր դաշնակիցներուն կողմէ: