ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 28 Հոկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը:
Ան դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներուն հետեւողական ջանքերուն գործադրութեամբ ձեռքբ երուած երեք մարդասիրական հրադադարներուն`Ատրպէյճանի կողմէ կոպտօրէն խախտման հանգամանքը: Գրիգորեան ընդգծեց տարածաշրջանը ապակայունուցնելու մէջ Թուրքիոյ աճող ներգրաւուածութիւնը, ինչ որ կը դրսեւորուի Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական սպառազինութեան աջակցութեամբ, հակամարտութեան գօտի օտար զինեալ-ահաբեկիչներ հաւաքագրումով ու տեղափոխումով, ինչպէս նաեւ տագնապը ռազմական ուղիով լուծելու կոչերով:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան բարձր գնահատեց հայ-ֆրանսական խոր արմատներ ունեցող բարեկամութիւնը, հակամարտութեան խաղաղ լուծման մէջ Ֆրանսայի եւ անձամբ նախագահ Մաքրոնի ներդրած ջանքերը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ Արցախ:
Դեսպան Լաքոտ վերահաստատեց տագնապը միայն խաղաղ եւ դիւանագիտական ուղիով լուծելու անհրաժեշտութիւնը: