ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սպանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Միրիամ Նոկերաս Քամերոյի նախաձեռնութեամբ՝ առաջարկ ներկայացուած է կառավարութեան, որ դադրեցնէ Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքները, նոյն ժամանակ միջազգային մակարդակով խթանելու Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը՝ հիմնուած Արցախի ժողովուրդին մեծամասնութեան կամքի արտայայտութեան վրայ:
Պատգամաւորը նաեւ դատապարտեց Թուրքիոյ ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին եւ պահանջեց, որ պատժամիջոցներ որդեգրուին Անգարայի դէմ։