ՊՈԼԻՍ.- 28 Հոկտեմբերին, Հայաստան վերադարձան Թուրքիա բնակող 142 Հայաստանի քաղաքացինեռ: Այս մասին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է պոլսահայ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան՝ անդրադառնալով հայերուն ուղղուած ատելութեան խօսքով այդ երկրին մէջ բնակող հայերը թիրախ դարձնելու նիւթերուն:
Ան շեշտեց, թէ մասնաւորապէս Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով, թրքական իշխանութիւններուն եւ գաղափարակից շրջանակներուն ատելութեան խօսք քարոզող հռետորաբանութիւնը զգալիօրէն սրած է եւ աւելցուցած է, թէ տեղական մամուլը միայն Պաքուի տեսակէտները կը փոխանցէ։